2016-12-05 09:37:00

Իտալիոյ մէջ սահմանադրական փոփոխութիւններու հանրաքուէի արդիւնքով Ոչ-ը յաղթական։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի` 4 դեկտեմբերին  Իտալիոյ մէջ տեղի ունեցաւ սահմանադրական փոփոխութիւններու հայող հանրաքուէ, որուն նպատակն էր խորհրդարանի բարեփոխումը թէեւ շատ մը կուսակցութիւններ այս առիթը օգտագործեցին իրենց դժգոհութիւնը արտայայտելու համար:
Առաջարկուած բարեփոխումներու շարքին էր Ծերակոյտի իշխանութեան նուազեցումը: Խորհրդարանի վերին պալատի աթոռներու թիւը 315-էն  նուազեցնել 100-ի: Ըստ վարչապետին, այդ բարեփոխումները պիտի արագացնէին 1948-էն ի վեր 60 կառավարութիւններ ունեցած Իտալիոյ մէջ օրէնսդրութեան բարդ հոլովոյթը:
Հանրաքուէի վերջնական արդիւնքը յայտարարուեցաւ կիրակի ուշ երեկոյեան` Ոչ-ը 59,11 առ հարիւրով արձանագրեց յաղթանակ մինչ Այո-ի համակիրները ունեցան 40,89 առ հարիւր։ Ի տես արդիւնքին վարչապետ Մաթթէօ Ռենցի իր հրաժարականը ներկայացուց եւ այսօր կը տեսակցի Իտալիոյ հանրապետութեան նախագահին հետ ։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.