2016-12-05 10:04:00

Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Զուիցերիոյ եկեղեցիներու ներկայացուցիչները։


Շաբաթ, 3 Դեկտեմբեր 2016-ի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոս իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Զուիցերիոյ եկեղեցիներուն պատկանող երկու աստուածաբաններ` դոկտ. Մարթին Հոյկըր եւ դոկտ. Օլիվիեր Ֆլուրի:

Անոնք եկած էին 2033-ին համաքրիստոնէական տարողութեամբ Քրիստոսի յարութիւնը նշելու ծրագիրին մասին ունենալու վեհափառ հայրապետին տեսակէտը: Այս առնչութեամբ, անոնք անցեալ շաբաթ հանդիպում ունեցած էին Ֆրանչիսկոս պապին հետ, եւ ստանալով անոր օրհնութիւնը ուզած էին ունենալ վեհափառ հայրապետին տեսակէտը:

Ողջունելով նման ծրագիրի մը իրագործումը` վեհափառ հայրապետը անոնց պարզեց  իր տեսակէտները եւ առաջարկները, յատկապէս թելադրելով նախ ունենալ բոլոր պետերուն օրհնութիւնը, ապա մասնագէտներէ բաղկացած ներկայացուցչական յանձնախումբ մը նշանակել: Վեհափառ հայրապետը նաեւ շեշտեց նման նախաձեռնութիւն մը Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի ծիրին մէջ իրագործելու հրամայականը:








All the contents on this site are copyrighted ©.