2016-12-04 12:10:00

''Ապաշխարեցէք որովհետեւ մօտ է երկնքի արքայութիւնը'' Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթք։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 4 դեկտեմբեր 2016-ի կէսօրին, ըստ լատինաց Յիսնակացի երկրորդ կիրակին` Աւետարանը կ՛անդրադառնայ Յովհաննէս Կարապետի հրաւէրին ''ապաշխարեցէք քանզի մօտ է երկնքի արքայութիւնը (Մատթ. 3,2)։

Այս առթիւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած աւանդական Մարեմեան աղօթքի ընթացքին ներկայացուցած խորհրդածութեան մէջ, հաստատեց թէ այդ բառերով Յիսուս սկիզբ կու տայ իր Գալիլեայի մէջ առաքելութեան ու այս է նաեւ պատգամը զոր առաքեալները պիտի տարածեն իրենց առաքելութեան ընթացքին։

Սրբազան Քահանայապետը ապա հարց տուաւ թէ ''Ի՞նչ ըսել է Երկնքի Արքայութիւն'' ընդգծելով թէ այդ Արքայութիւնը չի հայիր միայն անդենական կեանքին, այլ Յիսուսի գալուստով Աստուծոյ արքայութիւնը դարձաւ ներկայ, ու այժմէն իսկ կարող ենք ապրիլ զայն։

Աստուած եկաւ բնակելու մեր մէջ ու դարձաւ մեր կեանքի մաս։ Այնտեղ ուր Ան կ՛ընկալուի հաւատքով ու հեզութեամբ այնտեղ ծիլ կ՛առնեն սէրը, ուրախութիւնն ու խաղաղութիւնը։

''Այդ արքայութեան մաս կազմելու պայմանը կեանքի փոփոխութիւն է այսինքն ապաշխարել'' ըսաւ Քահանայապետը, դարձի գալ ու փոխել մեր ապրելակերպը, հրաժարիլ այս աշխարհի կուռքերէն,յաջողութիւններու եւ իշխանութեան ձգտումներէն, հարստութենէն ու ամէն գնով քմահաճոյքի հրապոյրներէն, ապա հարթել Տիրոջ Ճանապարհը, որովհետեւ ան մեր ազատութիւնը չի խլեր այլ մեզի կը պարգեւէ իսկական երջանկութիւնը։ 

Սուրբ Ծնունդը նաեւ արտաքին ուրախութեան մեծ օր մըն է, ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը, ընդգծելով սակայն թէ այդ օր` նախ եւ առաջ կրօնական տօն մըն է, որուն պէտք ենք պատրաստուիլ հոգեպէս, ու հրաւիրեց հետեւել Յովհաննէս Կարապետի պատգամին` հարթելու Տիրոջ ճանապարհը, դիմելով խղճի խոր քննութեան, փոխելով մեր ընթացքը­, ճանչնալով մեր մեղքերը, ու ապաշխարութեան խորհուրդին մօտենալով, որուն մէջ, յարեց Սրբազան Հայրը, կը փորձարկենք Աստուծոյ արքայութեան մօտիկութիւնն ու Անոր մեզի շնորհած փրկութիւնը։

''Աստուծոյ փրկութիւնը մեր մեղքէն աւելի մեծ սիրոյ ներգործութիւն մըն է'' հաստատեց հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապ շեշտելով թէ ''միայն Աստուծոյ սէրը կարող է ջնջել մեղքը ու մեզ ազատել չարէն, ու միայն Աստուծոյ սէրն է որ մեզ կրնայ բարիի ճանապարհին վրայ առաջնորդել''։

Նորին Սրբութիւնը խորհրդածութիւնը աւարտեց հայցելով Սուրբ Կոյս Մարիամի բարեխօսութիւնն ու հովանին ապա արտասանեց Մարեմեան աղօթքը որմէ ետք ողջոյնի խօսք ուղղեց հրապարակը համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներուն անոնց մաղթելով բարի Յիսնակացի երթ, ու հարիւրելով պատրաստուիլ` յառաջիկայ հինգշաբթի օրուայ Անարատ Յղութեան տօնի տօնախմբութեան, հայցելով Աստուածամօր բարեխօսութիւնը` մեր սրտերու դարձին ու խաղաղութեան պարգեւին համար։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Մարեմեան աղօթքը եզրափակեց բարի կիրակի մաղթելով Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած հաւատացեալներուն, եւ սովորութեան համաձայն անոցմէ խնդրելով չմոռնալ աղօթել իրեն համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.