2016-12-03 09:49:00

Սերժ Սարգսեան – Մայք Փենս հեռաձայնային հաղորդակցութիւն։


Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 1 դեկտեմբերին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է Միացեալ Նահանգներու նորընտիր փոխնախագահ Մայք Փենսի հետ:

Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութեան համաձայն, հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը կատարուած է ամերիկեան կողմին նախաձեռնութեամբ:

Զրուցակիցները երկուստեք ընդգծած են, որ Միացեալ Նահանգներու նոր վարչակազմին օրով հայ-ամերիկեան համագործակցութեան արդի բարձր մակարդակը թէ՛ քաղաքական, եւ թէ՛ տնտեսական մարզերուն մէջ ո՛չ միայն պիտի պահպանուի, այլ նաեւ նոր լիցք պիտի ստանայ: Անդրադարձ կատարուած է նաեւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող օրակարգային հարցերուն, որոնց կարգին` շրջանային խնդիրներուն եւ մարտահրաւէրներուն:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.