2016-12-03 09:30:00

Դեկտեմբեր 3-ը հաշմանդամներու միջազգային օրն է։


(Ռատիօ Վատիկան) Դեկտեմբեր 3-ը հաշմանդամներու միջազգային օրն է հռչակուած ՄԱԿ-ի կողմէ 1992-ին։

2007-ի մարտ 30-ին Նիւ Եորքի Մակի գլխաւոր կեդրոնին մէջ աշխարհի 81 երկիրներ, մեծ հանդիսութեամբ  ստորագրեցին  հաշմանդամութիւն ունեցող անձերու իրաւունքներու համաձայնագիրը։

Հայաստանի հանրապետութիւնը ՄԱԿ-ի այս համաձայնագիրին միացած է 2006 թ իսկ անոր վերջնական վաւերացումը ստորագրած է 2010-ի` Մայիս 7-ին։

Վերոնշեալ համաձայնագիրը կազմուած է 50 յօդուածէ որոնք կը հային հաշմանդամներու իրաւունքներու պաշտպանութեան, անոնց նկատմամբ խտրական վերաբերմունքի վերացումին, աշխատանքի, առողջապահութեան, կրթութեան եւ հասարակութեան կեանքի լիարժէք մասնակցութեան իրաւունքի ապահովումին, ինչպէս նաեւ արդարադատութեան մատչելիութեան, անձնական անձեռնմխելիութեան, չարաշահումի եւ շահագործումի կանխարգիլման ու անձի արժանապատուութեան յարգանքին եւայլն…








All the contents on this site are copyrighted ©.