2016-12-02 11:50:00

Ֆրանչիսկոս Պապին ''Քալասանցիանօ'' միաբանութեան յոբելենական տարւոյն առթիւ պատգամը։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Քալասանցիանօ'' միաբանութեան հիմնադրութեան 400-րդ տարեդարձին առթիւ, ու միաբանութեան հիմնադիրին սրբադասման 250-րդ տարեդարձին առթիւ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը պատգամ մը յղած է միաբանութեան մեծաւոր` Հայր Փետրօ Ակուատօ Քուեսթային որուն մէջ իր խնդակցութիւնը յայտնած է սոյն յոբելեանի նշումին առթիւ ու բոլոր միաբանութեան անդամները քաջալերած է յարատեւելու իրենց հիմնադիր հօր հաստատած նպատակակէտի ծառայութեան մէջ, որ է հոգ տանիլ պատանիներուն ու երիտասարդներուն ու յատկապէս աղքատներուն։

Նշենք թէ վերոնշեալ յոբելենական տարւոյն բացումը տեղի ունեցաւ անցեալ 27 նոյեմբեր 2016-ին Կարդինալ Պրազ Տէ Ավիզի գլխաւորած սուրբ պատարագով։

Նորին Սրբութիւնը ապա նշած է թէ ինչպէս 400 տարիներ առաջ­­, Պօղոս Ե քահանայապետը հասկնալով Ճուզեփփէ Քալասանցիոյի տեսլականը` հրաման տուաւ հիմնելու միաբանութիւնը որ դարձաւ ապա Եկեղեցւոյ առաջին միաբանութիւնը, յատուկ օրէն նուիրուած պատանիներու ու երիտասարդներու դաստիարակութեան։

''Այս չորս դարերու ընթացքին, նշած է ապա Քահանայապետը, միաբանութեան դպրոցական կառոյցները յարատեւեցին իրենց ''դէպի դուրս'' վարուելակերպով ու Հռոմէն մեկնելով տարածուեցան համայն Իտալիոյ քաղաքներ ու Իտալիայէն` եւրոպական երկիրներ, ու այդ երկիրներէն դէպի այլ ցամաքամասեր, ծառայութիւն մատուցելու համար Եկեղեցւոյ''։

''Այս տարեդարձին առթիւ որուն ընթացքին պիտի ապրիք Քալասանցիանոյի Յոբելենական տարին յոյս կը յայտնեմ որ յիշէք թէ ո՞վ էք դուք եւ ինչո՞ւ համար կանչուած էք''  գրած է Նորին Սրբութիւնը պատգամին մէջ, ու ակնարկած է յոբելենական տարւոյն առթիւ որդեգրուած կարգախօսին ''կրթել, աւետել, բարեփոխել'', մաղթանք յայտնելով որ այդ կարգախօսը առաջնորդէ զիրենք ու դառնայ ուղեցոյց, միշտ բաց մնալով Սուրբ Հոգւոյն ներշնչումներուն։  

''Այսօր աւելի քան երբեք կարօտն ունինք աւետարանող մանկավարժութեան մը, որ գիտէ բարեփոխել սրտերն ու իրականութիւնը, Աստուծոյ արքայութեան հետ ներդաշնակութեամբ, անհատները դարձնելով գործընթացի դերակատարներ'' գրած է Սրբազան Քահանայապետը ընդգծելով թէ ''դաստիարակութիւնը կարելիութիւն կը ներշնչէ` ընկալելու Աստուծոյ ներկայութիւնը, ամէն մէկ մարդ էակի սրտին մէջ, եւ թէ` ''միայն Աստուածային սիրոյ վրայ հիմնուած կեանք մը կարող է դաստիարակիչին գործը պտղատու դարձնել''։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա մէջբերած է միաբանութեան հիմնադիրի ուսուցումներ ու խօսքեր հաստատելով թէ ''մաս կազմել Սուրբ Յովսէփ Քալասանցիոյի միաբանութեան, կը նշանակէ ընտրել ''նուաստացումի'' ճանապարհ մը, այնպէս ինչպէս եղաւ մեր փրկութեան պատմութեան յատկանիշը, երբ Աստուած մարդացաւ, ու կեանքը դարձաւ մահ, մահ  խաչին վրայ, որպէսզի ապա Յարութիւն առնէ։

Յիսուսին հետեւիլ կը նշանակէ Անոր նմանիլ ու հասնիլ մարդկութեան ստորոտը, դառնալ Անոր նման ծառայ, ու կեանքը նուիրել ուրիշներուն համար – գրած է Սրբազան Քահանայապետը պատգամին աւարտին ուր յատկապէս մատնանշած է միաբանութեան հիմնադիրի առաքինութեան`մանուկներուն առջեւ խոնարհիլ։ Սրբազան Հայրը պատգամը եզրափակած է

Աստուածամօր յանձնելով միաբանութեան բոլոր կառոյցներու անդամները, ու բոլորին շնորհելով առաքելական օրհնութիւններ։








All the contents on this site are copyrighted ©.