2016-12-02 11:42:00

Սուրբերու դատի ժողովին հայող հրամանագիրերու հրապարակում


(Ռատիօ Վատիկան)  Հինգշաբթի, 1 դեկտեմբերին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ Վատիկանի իր գրասենեակին մէջ  ընդունած է Սուրբերու դատի ժողովի կառավարիչ՝ Կարդինալ Անճելօ Ամաթոն  եւ արտօնութիւն շնորհած է հրապարակելու Սուրբերու դատի ժողովի հայող  հետեւեալ հրամանագիրերը.    

Աստուծոյ ծառայ Յովհաննէս Սքիավօ,  Աստուծոյ ծառայ Հայր Վինչենցօ Քուերալթ Լլրոեթեւու ու  անոր 20 ընկերները,  Աստուծոյ ծառայ Հայր Թեօ­ֆիլօ Մաթուլիոնիսի  երանելիութեան հրամանագիրերը,  ինչպէս նաեւ  Աստուծոյ 8  ծառաներու , աղախիններուն մարտիրոսական առաքինութիւններուն  հրամանագիրերը։ 

Յայտնենք, թէ  Աստուծոյ ծառայ  Հայր Ճովաննի Սքիավօ, ծնած էր 8 յուլիս 1903-ին եւ վախճանած է 27 յունուար 1967-ին։ Ան եղած է անդամ, Սուրբ Յովսէփ միաբանութեան։ Իսկ՝ Աստուծոյ ծառայ, Հայր Վինչենցօ Քուերալթ Լլրոեթ եւ անոր 20 ընկերները, որոնցմէ վեցը քահանաներ էին եւ պատկանէին   Հայր Վինչենցոյին միեւնոյն միաբանութեան։ Այլ  6 քահանաներ թեմական էին, իսկ 2  կրօնաւորուհիներ անդամ էին   ''սիրոյ զաւակներ'' մայրապետներուն միաբանութեան։

Հայր Վինենցօ եւ իր 20 ընկերները, իրենց դաւանած քրիստոնէական հաւատքին համար սպաննուած են Սպանիոյ մէջ քաղաքացիական պատերազմի ժամանակաշրջանին՝ 1936-1937։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.