2016-12-02 10:18:00

Հայ մտաւորականներ եւ արուեստագէտներ նեցուկ կը կանգնին Սու ցեղախումբի բողոքին


Աւելի քան 30 հայ մտաւորականներ, լրագրողներ, արուեստագէտներ եւ մարդկային իրաւանց պաշտպան գործիչներ, Նոյեմբեր 30ին յայտարարութիւն մը հրապարակելով՝ իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին Տաքոթայի քարիւղատարի կառուցման ընդդիմացող Միացեալ Նահանգներու բնիկներու Սու համախմբումի «Կանգուն Ժայռ» ցեղախումբին, որ մտահոգ է շրջանի կենսոլորտին եւ ջուրի որակին վրայ այդ ծրագիրին ունենալիք բացասական ազդեցութեամբ։ Նաեւ, սոյն քարիւղատարը կ՛անցնի ցեղախումբին համար սուրբ համարուող տարածքէ մը, ուր կը հանգչին ցեղախումբի նախնիներուն աճիւնները։

Վերոնշեալ յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ իբրեւ Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրածներու շառաւիղներ, ստորագրեալները չեն կրնար լուռ մնալ այս ծրագիրին իրականացումը պարտադրող քայլերուն դէմ, որոնք պիտի հանդիսանան բնիկներու իրաւանց դարաւոր ոտնակոխումին շարունակութիւնը։

Բնիկներն ու անոնց համակիրները ամիսներէ ի վեր բնակութիւն հաստատած են իրենց պատկանող այդ տարածքին մէջ, ուրկէ զանոնք հեռացնելու փորձ կը կատարուի այժմ։

Յայտարարութիւնը ստորագրողներու շարքին են՝ Սերժ Թանգեան, Էրիք Պօղոսեան, Քրիս Պոհճալեան, Միշլին Ահարոնեան-Մարքըմ, Ալին Օհանէսեան, Նենսի Գրիգորեան, Վահէ Պէրպէրեան, Մարք Արաքս, Տէյվիտ Պարսամեան, Խաչիկ Մուրատեան, Լեւոն Աւտոյեան, Աննա Աստուածատուրեան-Թըրքոթ եւ Տանա Ուոլրաթ։








All the contents on this site are copyrighted ©.