2016-12-02 09:34:00

«Կը յուսանք Սուրիոյ մէջ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ գործակցիլ Ուաշինկթընի հետ»


Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յոյս յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ գործակցութիւն հաստատուի Ուաշինկթընի հետ:

Փութին երէկ Տումայի առջեւ արտասանած իր խօսքին մէջ յայտնեց, որ ռուս զինուորները ներկայիս ջանք կը թափեն այդ նպատակը իրագործելու:

Անդրադառնալով սեպտեմբեր 2015-ին Սուրիոյ մէջ Ռուսիոյ սկսած զինուորական գործողութեան` Փութին ըսաւ, որ ռուսական բանակն ու ծովուժը «յստակօրէն փաստեցին ազգային սահմաններէն հեռու ազդու կերպով գործելու իրենց կարողութիւնը»:

Ան ընդգծեց, որ Ռուսիան պիտի շարունակէ ահաբեկչութեան դէմ պայքարը նաեւ իր սահմաններուն մէջ:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.