2016-12-01 15:12:00

Ֆրանչիսկոս Պապ հանդիպեցաւ Կովկասի առաքելական հոգաբարձութեան պատուիրակութեան հետ


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի, 1 դեկտեմբերին, առաւօտեան ժամը 10,40-ին, Վատիկանի ՝՝Քահանայապետներու դահլիճ՝՝, անուան սրահին մէջ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ ընդունեց Կովկասի Առաքելական  հոգաբարձութեան 35 հաւատացեալներու պատուիրակութիւնը, որոնք  եկած էին Նորին Սրբութեան շնորհակալութիւն յայտնելու, Վրաստան Կատարած առաքելական այցելութեան համար։ 

Ֆրանչիսկոս Պապ  ողջունելով ներկաները,  շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց տուած այցելութեան համար, որ, ըսաւ Ան, ''ձեր հետ բերած է  շատ մը յիշատակներ''։

Սրբազան Հայրը իր խօսքին մէջ յայտնեց, թէ ինք  երբեք չէր մտածած թէ  Վրաստանի մէջ պիտի կարենար տեսնել մշակոյթ մը, հոգեւորականութիւն ու ժողովուրդ մը, որ իբր քրիստոնեայ ժողովուրդ՝ կը փառաբանէ Յիսուս Քրիստոսը՝ որպէս Փրկիչ։ Ապա  համամիութենական շրջագիծէն ներս յայտնեց,  թէ մեծապէս տպաւորուած է Իլիա Ժ. Պատրիարքին անձնաւորութենէն, համարելով զայն  պարզապէս որպէս Աստուծոյ  մարդ։

Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց նաեւ, թէ ինք քաջատեղեակ  է անթիւ հարցերուն, սակայն նկատի առնելով Կովկասի առաքելական կառավարիչին դրական կեցուածք ունենալու առաջարկը, ըսաւ՝ թէ ամէն ինչ լաւ պիտի ընթանայ, եւ յորդորեց ներկաները, փնտռել նոր ձեւեր, առանց ուժի՝ այլ հանդարտութեամբ միասին ընթանալու համար։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա նշեց թէ ինք մեծ  ուրախութեամբ կը յիշէ Մայր տաճարին մէջ կայացած հանդիպումը, աշխարհականներուն իրեն ուղղած հարցումները, եւ թէ  ինք ականատես եղած է այդ աշխարհականներուն ինչպէս նաեւ քահանաներուն ու կրօնաւորներուն պատասխանատուութեան  հոգիին ։

Խօսքին աւարտին, Նորին Սրբութիւնը դարձեալ շնորհակալութիւն յայտնելով պատուիրակութեան անդամներուն, խրախուսեց զանոնք յառաջ ընթանալ, եւ խնդրեց որ աղօթեն իրեն համար. ապա բոլորին շնորհեց իր Հայրական օրհնութիւնները։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.