2016-12-01 13:26:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց պանդուխտ ուսանողներու խումբ մը։


(Ռատիօ Վատիկան) Կառուցել աւելի առողջ ընկերութիւն մը, աւելի մարդկային աշխարհ մը, դիմելով անձնական ու մշակութային հարստութեան որ ամէն մէկ երիտասարդին առիթ ընծայէ դիւրին կերպով մուտք գործելու աշխատանքի աշխարհին մէջ, անոր տեղ ապահովելով ընկերութեան մէջ, որպէսզի ան դառնայ այդ ընկերութեան անբաժանելի մաս։ Այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Պապին յորդորը ուղղուած Գաղթականներու եւ թափառաշրջիկներու Քահանայապետական խորհուրդին կողմէ կազմակերպուած համաշխարհային հովուական ծառայութեան Դ-րդ համաժողովին մասնակցող, աշխարհի տարբեր երկիրներէ ժամանած աւելի քան 150 համալսարանականներուն, որոնց ապա Նորին Սրբութիւնը յայտնեց թէ ''Ընկերութիւնը կանչուած է նոր սերունդներուն ապահովեցնելու աշխատանքի պատշաճ առիթներ''։ 

Ֆրանչիսկոս Պապ ակնարկեց ''միջազգային'' բնոյթ ունեցող աշակերտներու երեւոյթին,  որ աճ արձանագրած է համաշխարհայնացումի հետեւանքով եւ պատճառ դարձած է ՝՝ժամանակ եւ տիեզերամիջոց'' սահմաններու կործանումին, նպաստելով նաեւ  հանդիպումի եւ մշակոյթներու փոխյարաբերութեան, հակառակ  բացասական կարգ մը  երեւոյթներու, որոնց շարքին ''տարբերութիւններու նկատմամբ ինքնապաշտպանութիւնը, ներքին պատնէշները որոնք արգելք կը հանդիսանան եղբօր եւ քրոջ աչքերուն մէջ  նայելու եւ իրազեկ  դառնալու  անոր իսկական պահանջքներուն…եւ նոյնիսկ երիտասարդներուն մէջ գոյութիւն ունեցող ''անտարբերութեան մշակոյթը''  զոր մեզ անկարող կը դարձնէ գութ ունենալու ցաւին դիմաց։

Սրբազան Հայրը, այս առնչութեամբ յորդորեց երիտասարդները,  որոնք իրենց երկիրներէն ու տուներէն հեռու կ՛ապրին ու կ՛ապրին տարբեր ընտանիքներու եւ միջավայրերու մէջ, զարգացնելու յարմարեցումի կարողութիւնը, սորվելով  ըլլալ միւսներուն պահակները զանոնք նկատելով եղբայրներ եւ պահակները արարչութեան` որպէս հասարակաց տուն'', ու այս մէկը հրամայական նկատեց ''մարդկային'' աշխարհ մը ունենալու համար։

Սրբազան Հայրը ապա աւելցուց թէ ''ներկայ ժամանակի մէջ, բազմաթիւ են բարոյական մարտահրաւէրները'' ու թէ ''դիւրին չէ պայքարիլ ի սպաս  ճշմարտութեան եւ արժանիքներուն հաստատման, յատկապէս երբ երիտասարդներ ենք''։  Սակայն, աւելցուց Ան, Աստուծոյ օգնութեամբ, կարելի է շրջանցել՝ ամէն արգելք'', ու քաջալերեց երիտասարդ սաները, երբեք կանք չ՝առնել եւ չյուսալքուիլ, ու գործել ի սպաս զօրակից աշխարհի մը որուն նպատակակէտը ըլլայ ''հասարակաց բարիքն ու խաղաղութիւնը'' որպէսզի ''մտաւորական աշխարհը կարող դառնայ աւելի առողջ ընկերութիւն մը կառուցել''։ Սրբազան Հայրը ապա հաստատեց թէ,  այն  որ ուսանելու կարողութեան շնորհքն ունի, ունի նաեւ  պատասխանատուութիւնը` ծառայելու մարդկութեան բարիքին ի սպաս։ 

Ֆրանչիսկոս Պապ անդրադարձաւ  նաեւ դպրոցական եւ համալսարանական կառոյցներուն մասին, յայտնելով` թէ անոնք առանձնաշնորհեալ վայրեր են, խորացնելու համար գիտակութիւնը աւելի ընկերասէր  զարգացման եւ  յառաջ տանելու  աւետարանումի յանձնառութիւնը։  Այս ուղղութեամբ Ան յորդոր ուղղեց ուսուցիչներուն եւ հովուական ծառայութեան պաշտօնեաներուն, երիտասարդներուն մէջ տարածելու Աւետարանի հանդէպ սէրը, որպէսզի անոնք  շօշափելի կերպով ապրին եւ տարածեն անոր պատգամը։

Նորին Սրբութիւնը հարկաւոր նկատեց ապա որ արտերկրի մէջ ապրուած ժամանակը դառնայ առիթ մարդկային ու մշակութային զարգացումին` մաղթանք յայտնելով որ համալսարաններու մէջ դաստիարակութիւնը ունենայ ''արժէքներու հասունութեան'' ընթացք մը, որ կազմաւորէ երիտասարդներ որոնք ծարաւն ունին ճշմարտութեան եւ ոչ թէ իշխանութեան, եւ որոնք պատրաստ ըլլան պաշտպաններու արժէքները ու ապրելու ողորմութիւնն ու եղբայրսիրութիւնը որոնք սիւներն են աւելի առողջ ընկերութեան մը  ։

Ֆրանչիսկոս Պապ յիշեց ապա Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ քահանայապետի  երիտասարդներու ուղղած շատ սիրելի խօսքը որով զանոնք որակած էր ''առաւօտեան պահակներ'', եւ այս խօսքով քաջալերեց երիտասարդները ամէն օր յառաջապահ ըլլալու, իրենց հայեացքը սեւեռելով Քրիստոսին եւ պատմութեան, աւետելով Յիսուսի Փրկութիւնը ու Անոր լոյսը ''աշխարհի մը մէջ որ յաճախ մթագնուած է, անտարբերութեան եւ անձնասիրութեան խաւարէն, եսասիրութենէն ու պատերազմէն''։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.