2016-12-01 09:52:00

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի ձեռագրաց հաւաքածոն համալրուած է եւս մէկ մատեանով


Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի ձեռագրաց հաւաքածոն  Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի մասնաւոր հոգածութեամբ համալրուած է եւս մէկ հնամեայ ձեռագիր մատեանով: Այս մասին կը յայտնեն Մայր Սթոռ Սուրբ Էջմիածինի թանգարաններու տնօրինութենէն:

Սուրբ Աւետարանը  գրուած է 1486-ին` Խարտիչ գիւղին մէջ, «Ի դուռս բազմահաւաք սրբոցն, ի Սբ Աստուածածնիս» (Հառիճավանք): Գրիչը` Աստուածատուր քահանան է, իսկ ստացողը` Ըռատ Բլրակցին:

Տարիներ անց ձեռագիր մատեանը յայտնուած է Տեղերի վանքին մէջ, իսկ 1599 թուականին, հոգածութեամբ Մանուէլ եպիսկոպոսի եւ օժանդակութեամբ բարեսէր Պարոն Տաւնդարի, Սբ Աւետարանը վերանորոգուած է «ի յամէնաւրհնեալ գիւղն Բիւրական, որէ յոտն Արագածու ի հարիաւու կողմանէ, ակնահաեաց Սբ Էջմիածնայ, ընդ հովանեաւ զարմանաշէն եւ սխրակառոյց Կաթուղիկէի Սբ Յովանէսի եւ Սբ Սարգսի զաւրավարին…»:

Ձեռագիր մատեանը ժամանակաւորապէս ցուցադրութեան պիտի դրուի Սբ Էջմիածինի Մայր Տաճարի աւանդատուն-թանգարանին մէջ:

Նշենք, որ մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի թանգարաններուն մէջ կը պահուի 3000 ցուցանմուշ:








All the contents on this site are copyrighted ©.