2016-12-01 09:27:00

ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի կեդրոնակայանէն ներս հնչած է Կոմիտասի երաժշտութիւնը


Ազգային օփերայի խմբավար, գեղարուեստական ղեկավար եւ «Քիեւ­ քլասիկ» նուագախումբի գլխաւոր խմբավար Գերման Մաքարէնքօն դարձած է առաջին ուքրանացին, որ արժանացած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-­ի «Արուեստագէտ յանուն խաղաղութեան» պատուաւոր կոչումին: Փարիզի մէջ, Նոյեմբեր 29-­ին ԵՈՒՆԵՍՔՕ-­ի կեդրոնակայանին մէջ տեղի ունեցած մրցանակաբաշխութեան արարողութեան յատուկ համերգային ծրագրին «Քիեւ քլասիկ» նուագախումբը ներկայացուցած է  յայտնի հայ երգահան Կոմիտասի ստեղծագործութիւնները: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմենփրես»-­ը, այս մասին կը տեղեկացնէ Analitikaua.net-­ը` վկայակոչելով Ուքրանիոյ հայերու միութեան լրատուական ծառայութիւնը:

Ուքրանացի խմբավարը յայտնի է Ուքրանիոյ մէջ հայերու միութեան եւ Ուքրանիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանութեան մէջ կազմակերպուող երաժշտական նախագիծերուն մշտական մասնակցութեամբ: Գերման Մաքարէնքոյի վերջին համերգներէն մէկը դարձած է երեկոյ-­ռեքվիեմ` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան 100­-րդ տարելիցին:








All the contents on this site are copyrighted ©.