2016-12-01 10:15:00

«Թումօ»-ն գերազանցութեան կեդրոն է․ԵՄ յանձնակատար


Եւրոմիութեան Հետազօտութեան, գիտութեան եւ նորարարութեան հարցերով յանձնակատար Քարլոս Մոետասը այսօր Պրիւքսէլի մէջ կայացած «Գերազանցութիւն տարածելով եւ անցնելով նորարարութեան սահմանները» գիտաժողովի ընթացքին խօսած է «Թումօ» կեդրոնին մասին:

«Հայաստանի մէջ ես ականատես եղայ երեւոյթի մը, որ արժանի է յիշատակման: Երեւանի մէջ այցելեցի ստեղծարար արուեստագիտութիւններու «Թումօ» կեդրոն: Անիկա դպրոցահասակ երեխաներու համար նախատեսուած կեդրոն է, որ հնարաւորութիւն կ՛ընձեռէ փորձարկումներ կատարել թուային արուեստագիտութիւններով եւ իրենց ստեղծարարութեամբ: Ոչ մէկ երեխայ պարտադրուած չէ յաճախելու «Թումօ», սակայն կեդրոն այցելելու համար հերթեր կը գոյեանան: Երեխաները պաշտօնական վկայական չեն ստանար, փոխարէնը` կը ստեղծեն իրենց ծրագիրներու եւ կարողութիւններու փաթեթը: Երեխաները կը ձեւաւորեն միաւորումներ` զուգակցելով արուեստը, գիտութիւնը եւ իրենց նախասիրութիւնը: «Թումօ»-ի միջավայրը ու տեխնիկական յագեցուածութիւնը աւելի լաւն էր, քան այն, որ ես տեսած եմ «Սիլիքոնեան հովիտ»-ին մէջ»,- ըսած է ԵՄ յանձնակատարը, որ Արեւելեան գործընկերութեան 8-րդ ոչ պաշտօնական նախարարական երկխօսութեան հանդիպման մասնակցելու նպատակով Նոյեմբեր 18-ին այցելած էր Հայաստան:

Քարլոս Մոետասի խօսքով` «Թումօ»-ի շնորհիւ իր մօտ ամրապնդուած է այն համոզումը, որ գերազանցութիւն գոյութիւն ունի որեւէ երկրի մէջ:

«Մեր գործը` իբրեւ քաղաքականութիւն մշակողներ, գերազանցութիւնը խրախուսելն է, անիկա յայտնաբերելը, սնուցանելը, աջակցիլը, եւ այն միջազգային գերազանցութեան կեդրոն դարձնելը»,- նշած է  ԵՄ յանձնակատարը:








All the contents on this site are copyrighted ©.