2016-11-30 09:31:00

Ֆրանչիսկոս Պապին ցաւակցութիւնը Քոլոմպիայի մէջ տեղի ունեցած օդանաւային աղէտի զոհերուն։


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի 29 նոյեմբերին (Հռոմի ժամով առաւօտեան 4-ին) 81 ճամբորդ փոխադրող օդանաւ մը ջախջախուեցաւ Քոլոմպիոյ մէջ: Օդանաւին մէջ կը գտնուէին ''Շափեքոյենսէ''-ի ոտնագունդի խումբն ու անձնակազմը, ինչպէս նաեւ` հաւատարմագրուած լրագրողներ եւ  անձնակազմի 9 անդամները։  

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իմանալով դէպքին լուրը, Կարդինալ Փարոլինի ստորագրութիւնը կրող ցաւակցական հեռագիրեր  յղեց Պրազիլիայի առաջնորդ` գերապայծառ Սերճօ Ռոքայի Քոլոմպիայի  Սոնսոն Ռիոնեկրօ թեմի առաջնորդ գերապայծառ Ֆիտել Լէոն Քատավիտ Մարինին  որոնց մէջ իր ցաւակցութիւններ յայտնեց ննջեցեալներու ընտանեկան պարագաներուն ինչպէս նաեւ վստահեցուց  իր մօտիկութիւն ու մասնակցութիւնը այդ կորուստի ցաւին։

Նորին Սրբութիւնը միեւնոյն ատեն ողորմութեան Աստուծմէ հայցեց մխիթարութիւն ինչպէս նաեւ քրիստոնէական քաջութիւն ու յոյս բոլոր անոնց որոնք զոհ եղան աղէտին, ապա իր առաքելական օրհնութիւնը ջամբեց բոլոր անոնց որոնք տառապանքի ու ցաւի մէջ գտնուին։








All the contents on this site are copyrighted ©.