2016-11-30 12:29:00

Ֆրանչիսկոս Պապին Կոչումներու 54-րդ համաշխարհային օրուան պատգամը։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի 30 նոյեմբեր 2016-ին հրապարակուեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապին 27 նոյեմբեր թուակիր, յառաջիկայ 7 մայիսին նշուելիք`­ Կոչումներու 54-րդ համաշխարհային օրուան պատգամը, որուն բնաբանն է ''Մղուած Սուրբ Հոգիէն առաքելութեան համար''։

Պատգամին սկիզբը Նորին Սրբութիւնը կ՛ակնարկէ վերջին տարիներու ընթացքին քրիստոնէական  կոչումին հայող շօշափուած նիւթերուն, այն է ''մենք մեզմէ դուրս ելլել'' ու անսալ Տիրոջ ձայնին ինչպէս նաեւ ''եկեղեցական հասարակութեան կարեւորութիւնը` որպէս առանձնաշնորհեալ վայր, ուր Աստուծոյ կոչը կը ծնի, կը սնանի ու ապա կ՛արտայայտուի''։

Սրբազան Քահանայապետը ապա յայտնեց թէ  Կոչումներու համաշխարհային 54-րդ օրուան առթիւ կ՛ուզէ անդրադառնալ  քրիստոնէական կոչումի միսիոներական ծաւալի մասին։

''Այն որ հրապուրուեցաւ Աստուծոյ ձայնէն ու հետեւացաւ Յիսուսին, շուտով իր մէջ կը զգայ այն զօրեղ իղձը` եղբայրներուն տանելու Բարի Լուրը, աւետարանութեան եւ եղբայրօգնութեան միջոցաւ։ Բոլոր քրիստոնեաները Աւետարանի առաքեալներն են ու աշակերտը` Աստուծոյ սիրոյ շնորհքը չ՛ընդունիր անձնական մխիթարութեան մը համար, ան չէ կանչուած ինքզինք տանելու եւ ոչ ալ խնամելու ''ընկերութեան'' մը շահերը, ան որ  բարեփոխուած է Աստուծոյ սիրոյ ուրախութեամբ կարող չէ իրեն համար յատկացնել այդ փորձառութիւնը, որովհետեւ Աւետարանի ուրախութիւնը որ կը լիացնէ աշակերտներու հասարակութիւնը` միսիոներական ուրախութիւն է'' կը գրէ Քահանայապետը պատգամին մէջ հաստատելով թէ ''Միսիոներական յանձնառումը սիրտն է  քրիստոնէական հաւատքին'' եւ թէ նոյնիսկ եթէ մենք տկար ու դիւրաբեկ ենք, ''Աստուած ինքն է որ մեր ''անմաքուր շրթները'' կը բիւրեղացնէ ու մեզ կարող կը դարձնէ առաքելութեան''։  

''Եկեղեցին կարիքը ունի քահանաներու որոնք վստահ ու անդորր են, վերագտած ըլլալուն համար իսկական գանձ մը, զոր կ՛ուզեն զայն ուրախութեամբ ճանչցնել  բոլորին'' կը գրէ ապա Սրբազան Պապը պատգամին մէջ ու երեք հարցումներ կ՛ուղղէ. ''Ի՞նչ ըսել է Աւետարանի առաքեալներ ըլլալ։ Ո՞վ մեզի կու տայ աւետարանելու ուժը։ Ո՞րն է աւետարանական տրամաբանութիւնը որմէ կը ներշնչուի առաքելութիւնը'' ու այս հարցումներուն պատասխանելով կը ներկայացնէ աւետարանական երեք դրուագներ. ''Յիսուս հանրային կեանքի ու առաքելութեան սկիզբը Նազարէթի մէջ (Ղուկսաս 4, 16-30). Յիսուսին Էմմաուսի աշակերտներու հետ ուղեւորութիւնը  Յարութենէն ետք (Ղուկ. 24, 13-35) ապա ինքնիրեն աճող սերմի առակը (Մարկոս 4, 26-27։

Յիսուս օծուած է Սուրբ Հոգիէն ու առաքուած։

Առաքեալ ըլլալ կը նշանակէ գործնականօրէն  մասնակցիլ Քրիստոսի առաքելութեան '' Տիրոջ Հոգին իմ վրաս է...զիս ղրկեց քարոզելու աւետարանը աղքատներուն, գերիներուն` աւետելու ազատութիւն, կոյրերուն` աչքի լոյս, հարստահարուածներուն` ազատութիւն եւ հռչակելու Տիրոջ շնորհքի տարին''։ Այս է նաեւ մեր առաքելութիւնը­, կը հաստատէ Քահանայապետը ապա կը նշէ թէ Յիսուս կ՛ընկերանայ մեր ճանապարհորդութեան, ան մեր մօտն է ինչպէս մօտիկ եղաւ Էմմաուսի աշակերտներուն, որոնք տարակոյսի մէջ էին ու վիրաւորուած էին  Խաչի եղելութենէն ու կը քալէին իրենց սրտին մէջ ունենալով չիրականացած երազի մը խափանուած յոյսը։ Անոնց տխրութիւնը սակայն շուտով փարատեցաւ երբ իմացան թէ իրենց ընկերացողը Տէրն էր։  Այս նոյն Յիսուսն է որ ծիլ կու տայ սերմին։ ''Աստուծոյ արքայութիւնը նման է մարդուն որ սերմը կը ցանէ հողին մէջ։ Ինք քնանայ կամ հսկէ գիշեր ցորեկ սերմը կը ծլի''։ Աւետարանը մեզ կը հրաւիրէ հրաժարելու իշխանութեան ու ամէն քնով յաջողութեան կռապաշտութիւնէն ու կառոյցներով չափազանց  մտահոգութիւններէ։ Աստուած աւելի անդին կ՛երթայ մեր սպասումներէն ու մեզ կը զարմացնէ իր առատաձեռնութեամբ, ծիլ տալով մեր աշխատանքին մարդկային որեւէ հաշիւէն անդին։

''Այս աւետարանական վստահութեամբ է որ պէտք է բացուինք Սուրբ Հոգիի լռելեան ներգործութեան որ է մեր առաքելութեան հիմը'' կը գրէ ապա Սրբազան Քահանայապետը պատգամին մէջ­, հաստատելով թէ չկայ կոչումներու հովուական խնամակալութիւն եւ ոչ ալ քրիստոնէական միսիոներականութիւն առանց յարատեւ աղօթքի ու խորհրդածութեան։ Հարկաւոր է առ այդ  քրիստոնէական կեանքը սնուցել Աստուծոյ Խօսքի ունկնդրութեամբ ու յատկապէս խնամք տանիլ Տիրոջ հետ յարաբերութեան` Սուրբ հաղորդութեան երկրպագութեան միջոցաւ, որ է Աստուծոյ հետ հանդիպումի առանձնաշնորհեալ վայր կը նշէ Սրբազան Քահանայապետը ու պատգամի աւարտին կը քաջալերէ Տիրոջ հետ սերտ բարեկամութիւն ունենալը ու կը հաստատէ թէ Աստուծոյ ժողովուրդը կարիք ունի հովիւներու որոնք իրենց կեանքը կը նուիրեն Աւետարանի ծառայութեան ապա բոլոր հաւատացելները կը հրաւիրէ` աղօթելու Տիրոջ. որպէսզի մշակներ ուղարկէ իր հունձքին համար։ Քահանաներ որոնք սիրահարուած են Աւետարանով եւ որոնք  ըլլալն Աստուծոյ ողորմած սիրոյն նշաններ։  

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը պատգամը կ՛եզրափակէ Սուրբ Կոյս Մարիամին` մեր Փրկչին Մօր բարեխօսութիւնը հայցելով, որպէսզի մեզի համար ընդունի բաց սրտի մը շնորհքը`  ու Տիրոջ կոչին ''այո'' –ի պատրաստակամութիւնը ինչպէս նաեւ շնորհքը Իրեն նման սկսելու ուղեւորութիւնը` Յիսուսի հռչակելու համար համայն աշխարհին։








All the contents on this site are copyrighted ©.