2016-11-30 11:23:00

Ֆրանչիսկոս Պապ հանդիպեցաւ Ֆրանսայի Ռոն Ալփ մարզի քաղաքական անձնաւորութիւններու հետ


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի, 30 նոյեմբերին, առաւօտեան ժամը 9.00-ին, Վատիկանի Առաքելական Պալատի Քլեմենթինա սրահին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Ֆրանսայի Ռոն Ալփ մարզի խորհրդարանի նորընտրուած քաղաքական անձնաւորութիւնները, որոնք  ուխտագնացութեամբ ժամանած են  Հռոմ։

Յիշեալ Ֆրանսացի քաղաքական անձնաւորութիւններուն  ընկերացած էին կարդինալ Ֆիլիփ Պարպարին եւ Լիոն մարզի եպիսկոպոսները։

Այս առթիւ անոնց ուղղած ճառին մէջ Սրբազան Հայրը ակնարկելով ժամանակակից աշխարհի դժուարին կացութեան որ յատկանշուած է ահաբեկչական ծանր արարքներով որոնց շարքին մասնաւորապէս Ֆրանսան, որ վերջերս թիրախ դարձած է ահաբեկչական գործողութիւններու  հրամայական նկատեց,  փնտռել եւ զարգացնել հասարակաց բարիքի իմաստն ու հասարակաց շահերը։

Ան ապա փափաք յայտնեց, որ Ֆրանսացի եպիսկոպոսներուն հետ  միասին կարելի ըլլայ  ընդգծել կարեւորութիւնը՝  յեղաշրջումի մէջ գտնուող աշխարհին նկատմամբ վերագտնել քաղաքականութեան իմաստը, հիմնուելով Ֆրանսայի եպիսկոպոսներուն կողմէ վերջերս պատրաստած թղթածրարի վրայ։   

Ֆրանչիսկոս Պապ  նշեց ,թէ Ֆրանսայի ընկերութիւնը հարուստ է կարողականութեան եւ զանազանութեան մէջ, ու թէ կանչուած է  ստեղծել հնարաւորութիւններ, այն պայմանով, որ հանրապետականներուն ''ազատութիւն, հաւասարութիւն եւ եղբայրութիւն՝՝ արժանիքները  չի ծածանուին լոկ խաբէական կերպով,  այլ հասկցուին իրենց ճշմարիտ խորին իմաստով, որ է վերանցական։

Սրբազան Հայր ապա յայտնեց, թէ քրիստoնեաները կանչուած են,  իւրաքանչիւր կրօնի հաւատացեալներու եւ ոչ հաւատացեալներուն հետ միասին զարգացնելու աւելի լաւ աշխարհին մը կառուցման ծրագիրը աւեցնելով, թէ այս իմաստով,  հասարակաց բարիքի փնտռտուքի իղձը,  որ զանոնք կ՛ոգեւորէ, զանոնք կը մղէ  յատուկ ուշադրութեամբ անսալու բոլոր անոնք որոնք անապահով վիճակի մէջ կը գտնուին, առանց մոռնալու գաղթականները որոնք փախուստ տուած են իրենց երկիրներէն, հակամարտութիւններուն , թշուառութեան եւ բռնութեան պատճառով։Այնպէս,  որ իրագործելով ձեզի յանձնուած պատասխանատուութիւնը, դուք կարենաք նպաստել աւելի արդար, աւելի մարդկային, հիւրրնկալ եւ եղբայրասէր ընկերութեան մը  կառուցման ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ու հրաւիրեց իրենց ընթացքը յանձնել Քրիստոսի` մեր Յոյսի ու մեր հասարակաց բարիքի ի սպաս ծառայութեան յանձնառումի ակնաղբիւր ու բոլոր ներկաներուն ու անոնց ընտանեկան պարագաներուն ,ինչպէս նաեւ համայն երկրին ու ներկայ եպիսկոպոսներուն վրայ հայցեց  Տիրոջ օրհնութիւնները.








All the contents on this site are copyrighted ©.