2016-11-30 14:41:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց յայտնի բեմադրիչ Մարթին Սքորսեզէն։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի, 30 հոկտեմբերին, առաւօտուն, Վատիկանի Առաքելական պալատին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց  անուանի բեմադրիչ ՝Տիար Մարթին Սքորսեզէն, որուն կ՛ընկերանային անոր ընտանեկան պարագաները բեմադրիչին վերջին ստեղածագործութիւնը <> բնաբանը կրող ֆիլմի արտադրողն ու անոր ընտանիքը։

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի կողմէ այս առընչութեամբ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի,  թէ յիշեալ հիւրերուն ընկերացած էր Հաղորդագրութեան քարտուղարութեան կառավարիչ` Գերապայծառ Էտուարտօ Վիկանոն։

 Հանդիպումը տեւած է 15 վայրկեան եւ կայացած է սիրալիր մթնոլորտի մէջ ։Սրբազան Հայրը ներկաներուն պատմած , թէ Ինք կարդացած է Silenzio գիրքը,  որ ներշնչումի աղբիւր հանդիսացած է  բեմադրիչի վերջին Ֆիլմին։

Ֆրանչիսկոս Պապ յատկապէս անդրադարձած է Ճափոնի մէջ Յիսուսեանմերուն  առաքելութեան մասին եւ ՝՝26 նահատակներու՝՝ նուիրուած  թանգարանին մասին։

Բեմադրիչ Մարթին Սքորզեզէ , Քահանայապետին նուիրած է երկու պատկերներ՝ հայող թաքնուած քրիստոնեաներուն , որոնցմէ  մին կը պատկերացնէ շատ մեծարուած Տիրամօր պատկերը, որ  գործն է  ութերորդ  դարու ճափոնցի արուեստագէտի մը։ Ֆրանչիսկսո Պապ իր կարգին հիւրերուն նուիրած է վարդարաններ։  








All the contents on this site are copyrighted ©.