2016-11-30 10:09:00

Ֆիտել Քասթրոյի հրաժեշտի արարողութեան պիտի մասնակցին շուրջ երեսուն միջազգային ղեկաւարներ


Քուպայի յեղափոխութեան ղեկավար Ֆիտել Քասթրոյի վերջին հրաժեշտի արարողութեան պիտի մասնակցին շուրջ երեսուն միջազգային ղեկավարներ` Հարաւային Ամերիկայէն եւ Ափրիկէէն:

Կը նշուի, որ անոնց շարքին պիտի ըլլան Վենեզուելայի, Պոլիվիոյ, Էքուատորի, Նիքարակուայի, Քոլոմպիոյ, Փանամայի, Մեքսիքի, Հարաւային Արփիկէի Հանրապետութեան, Զիմպապուէի, Հասարակածային Կինէի, Նամիպիոյ եւ Քապօ Վերտէի նախագահները:

Աղբիւրը կը մանրամասնէ, որ եւրոպական երկիրներէն պետական բարձր մակարդակով ներկայացուած պիտի ըլլայ միայն Յունաստանը: Յայտնի է, որ երկրի վարչապետ Ալեքսիս Ցիփրաս մտադիր է մասնակցիլ Քասթրոյի հրաժեշտի արարողութեան:

Կը նշուի, որ Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ նախագահներ Պարաք Օպամա ու Վլատիմիր Փութին պիտի չմասնակցին յուղարկաւորութեան արարողութեան:

25 նոյեմբերին մահացած էր Ֆիտել Քասթրոն: Անոր յուղարկաւորութիւնը տեղի պիտի ունենայ 4 դեկտեմբերին:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.