2016-11-30 09:59:00

Ֆիլիփեան կղզիներու նախագահի շքախումբին դէմ յարձակում


Ֆիլիփեան կղզիներու նախագահ Ռոտրիկօ Տութերթէի շքախումբին դէմ յարձակում կատարուած է:

Զինեալները շքախումբին մօտ պայթեցուցած են ռումբ մը, որուն պատճառով վիրաւորուած են 9 անձեր` նախագահի անվտանգութեան 7 աշխատակից եւ 2 զինուոր: Վիրաւորներէն մէկուն վիճակը ծանր է:

Կը նշուի, որ միջադէպը տեղի ունեցած է Ֆիլիփեան թերակղզիի Մինտանաու կղզիին մէջ. մահափորձի ժամանակ Ռոտրիկօ Տութերթէ չէ գտնուած ինքնաշարժին մէջ:

«Մենք կը հաւաստենք մեր խիզախ տղամարդոց եւ կիներուն, որոնք իրենց կեանքերը կը վտանգեն ծառայութեան եւ երկրին համար. գլխաւոր հրամանատարը երբեք կարիքի ժամանակ պիտի չլքէ զիրենք», ըսած է Տութերթէի բանբեր Մարթին Անտանար:








All the contents on this site are copyrighted ©.