2016-11-30 09:23:00

Քոլոմպիոյ մէջ օդանաւի աղէտի մը պատճառով արձանագրուած Է 75 զոհ


75 զոհ արձանագրուեցաւ, երբ 81 անձեր փոխադրող օդանաւ մը ջախջախուեցաւ Քոլոմպիոյ մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազդակ» օրաթերթը՝ վկայակոչելով «360 Ռատիօ Քոլոմպիա»-ն։

Օդանաւին ինկած վայրին մէջ գտնուած են վեց վերապրողներ, որոնցմէ մէկն է պրազիլական «Շափեքոյենսէ» ակումբի ֆութպոլիստ Ալեն Ռուշենը: Ան տեղափոխուած է Ռիոնեկրօ շրջանի հիւանդանոցներէն մէկը:

Պոլիվիայէն Մետելյին ուղեւորուող օդանաւը ջախջախուած է Ռիոնեկրոյի մօտ` վառելանիւթի սպառման պատճառով: Օդաչուն Մետելյինի օդակայանին յայտնած է օդանաւին մէջ վառելանիւթի պակասին մասին, օդանաւին առաջնահերթութիւն տրուած է էջք կատարելու, սակայն չէ կրցած հասնիլ նշանակէտ:

Օդանաւին մէջ եղած են 81 մարդիկ, ներառեալ անձնակազմի 9 անդամները, «Շափեքոյենսէ»-ի ֆութպոլիստները եւ անձնակազմը, ինչպէս նաեւ` հաւատարմագրուած լրագրողներ:

Մետելյինի մէջ խումբը պէտք էր մրցէր «Աթլեթիքօ Նասիոնալ» խումբին հետ` Հարաւային Ամերիկայի բաժակի մրցաշարքի եզրափակիչի առաջին խաղի ծիրին մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.