2016-11-30 10:21:00

Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մասնակցութիւնը երկու Քորէաներու միջեւ խաղաղութեան նուիրուած խորհրդաժողովին։


14-20 նոյեմբեր 2016-ին Հոնկ Քոնկի մէջ տեղի ունեցաւ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդին հրաւիրած միջազգային մասնագիտական խորհրդաժողովը, որ քննարկեց զոյգ Քորէաներուն միջեւ խաղաղութեան դաշնագիրի մը որդեգրումին կարելիութիւնները:

Խորհրդաժողովին մասնակցեցան Հարաւային Քորէայէն եւ Հիւսիսային Քորէայէն պատուիրակութիւններ, ինչպէս նաեւ 11 այլ երկիրներէ եկած ներկայացուցիչներ: Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ սոյն խորհրդաժողովին մասնակցեցաւ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի Միջազգային հարցերու յանձնախումբի անդամ դոկտ. Նորա Պայրագտարեան-Գապաքեան: Դոկտ. Պայրագտարեան նախագահեց Քորէական հարցի մասնագիտական ներկայացումներու նիստը, որուն ընթացքին խօսք առին դեսպան Փարք Քիանկ Սօ, ՄԱԿ-ի մէկ ենթայանձնախումբի նախագահ փրոֆ. Մօ Ճանկ Սուն եւ քորէական հարցի մասնագէտ փրոֆ. Էրիք Ուայնկարթնըր: Դոկտ. Պայրագտարեան վարեց նաեւ խաղաղութեան դաշնագիրի քննարկումին կապուած նիստը:

Երկար քննարկումներէ ետք, ժողովը որդեգրեց միացեալ բանաձեւ մը, որ շեշտեց քորէական թերակղզիին վրայ խաղաղութեան հաստատման անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ շեշտեց անհրաժեշտ քայլեր որդեգրել խաղաղութեան համաձայնագրի մը ստորագրութեան համար:

Քորէացի պատուիրակութեանց, ինչպէս նաեւ մասնակիցներուն գնահատումով, սոյն միջազգային խորհրդաժողովը Քորէայի թերակղզիին մէջ խաղաղութեան ճամբան հարթող կարեւոր քայլ մը նկատուեցաւ:








All the contents on this site are copyrighted ©.