2016-11-29 10:41:00

Ցեղասպանութեան ընթացքին հայեր փրկած իսլամներուն նուիրուած նոր հատոր


Պոլսոյ մէջ լոյս տեսած է գրող, հրապարակախօս Պուրչին Կերչեքի նոր հատորը՝ «Հոսանքին Հակառակ», որ նուիրուած է Հայոց Ցեղասպանութեան տարիներուն պետական քաղաքականութեան ընդդիմանալով՝ հայեր փրկած թուրքերու եւ քիւրտերու պատմութեան։

«CNN Turk»ի սիւնակագիր Սերտար Քորուճու, յատուկ անդրադարձ կատարելով հետաքրքրական այս գործին՝ իր յօդուածին մէջ օգտագործած է «ցեղասպանութիւն» բառը: Ան շեշտած է, որ այս նիւթը իսկապէս արժանի է ուշադրութեան, քանի որ այդ տարիներուն հայեր պաշտպանող իսլամները փաստացիօրէն վտանգի տակ կը դնէին իրենց կեանքը. սակայն Քորուճու միաժամանակ նշած է, թէ հայ որբեր եւ կիներ փրկող իսլամներուն մեծ մասը այդ արարքին դիմած է՝ իր շահերը նկատի ունենալով, իսկ իսկապէս բարեսիրական նպատակներով օգնողներուն թիւը, սիւնակագիրը կը համեմատէ՝ «ովկիանոսի մէջ կաթիլ»ի մը հետ:

Ան գրած է, թէ Արեւմտեան Հայաստանի տարածքին հայ երեխաներ եւ կիներ իրենց պաշտպանութեան տակ առած քիւրտերուն մեծ մասը, յետագային բռնի կերպով ամուսնացուցած է եւ կրօնափոխ ըրած է աղջիկներն ու կիները, իսկ իբրեւ ստրուկ աշխատցուցած տղայ որբերը: Քիչ չեն նաեւ որդեգրման միջոցով՝ հայ երեխաներու ընտանիքներուն ունեցուածքին տիրանալու պատմութիւնները:

Կերչեք իր գիրքին մէջ անդրադարձած է հայեր փրկած բազմաթիւ թուրքերու, չերքեզներու, ալպանացիներու, քիւրտերու եւ արաբներու պատմութիւններուն: Նման դէպքեր ամենաշատը պատահած են Տերսիմի մէջ, ուր հայ քրիստոնեաներու կողքին կը բնակէին ալաուի զազաները: Հեղինակը նաեւ փնտռած եւ զրուցած է հայերու փրկութեան նպաստած անձերու շարաւիղներուն հետ:








All the contents on this site are copyrighted ©.