2016-11-29 10:25:00

Սուրիական բանակը շարունակելով իր յառաջխաղացքը արեւելեան Հալէպը բաժնեց երկուքի


«Պի.Պի.Սի.» կը հաղորդէ, որ սուրիական կառավարական ուժերը արեւելեան Հալէպի մէջ կարեւոր շրջան մը առած են իրենց վերահսկողութեան տակ` զինեալ ընդդիմութեան վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքը բաժնելով երկուքի:

Թէ՛ Սուրիոյ պետական պատկերասփիւռի կայանը, թէ՛ ալ Մարդկային իրաւանց սուրիական դիտարանը յայտնեցին, որ արեւելեան Հալէպի Սախուր թաղամասը անցած է սուրիական բանակին ձեռքը:

«Պի.Պի.Սի.» կը գրէ, որ թէեւ դժուար է իմանալ, թէ ճիշդ ի՛նչ տեղի կ՛ունենայ արեւելեան Հալէպի մէջ, սակայն կարեւոր շրջաններ կը թուին անցած ըլլալ կառավարութեան ձեռքը` արեւելեան Հալէպի հիւսիսային շրջանին մէջ շատ փոքր մաս մը ձգելով զինեալ ընդդիմութեան ձեռքը:

Սուրիական զինուորական աղբիւր մը Սուրիոյ պետական պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ կառավարական ուժերը «կը շարունակեն Հալէպի արեւելեան թաղամասերուն մէջ իրենց յառաջխաղացքը»` աւելցնելով. «Մեր սակրաւորները կը վնասազերծեն պայթուցիկ սարքերն ու ականները»:

Մարդկային իրաւանց սուրիական դիտարանի ղեկավար Ռամի Ապտուլ Ռահման «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ ընդդիմութիւնը կորսնցուցած է Հալէպի մէջ իր վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքին աւելի քան մէկ երրորդը: Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնեց, որ սուրիական բանակը արեւելեան Հալէպի 40 առ հարիւրը ազատագրած է:

Լիբանանեան «Նաշրա» կայքը իր կարգին կը հաղորդէ, որ սուրիական բանակը արեւելեան Հալէպի Շէյխ Խըտըր թաղը ամբողջովին առած է իր վերահսկողութեան տակ, իսկ Այն Թալ թաղը` գրեթէ ամբողջութեամբ:

Միւս կողմէ, ամերիկեան ազդեցիկ «Տը Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթը կը գրէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի իր պաշտօնէն հեռանալէն առաջ աշխուժօրէն կ՛աշխատի Ռուսիոյ հետ Հալէպի պաշարման դադրեցման վերաբերեալ համաձայնութիւն գոյացնելու ուղղութեամբ:

Օրաթերթը կը նշէ, որ Քերրի դիւանագիտական առաքելութեամբ կը զբաղի «քուլիսներու ետին»:

Ըստ համաձայնագիրին, սուրիական զինեալ ընդդիմութիւնը իր անդամները պիտի տարանջատէ ահաբեկիչներէն, որոնք պիտի լքեն Հալէպը, իսկ Սուրիոյ վարչակարգն ու Ռուսիան պիտի դադրեցնեն քաղաքին պաշարումը եւ մարդասիրական օժանդակութիւն քաղաք հասցնելու կարելիութիւն պիտի ընձեռեն:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.