2016-11-29 09:53:00

Յարձակում Օհայոյի համալսարանին դէմ


Միացեալ Նահանգներու Օհայօ նահանգին մէջ անծանօթ մը ինքնաշարժէն դուրս գալով, սկսաւ Օհայոյի պետական համալսարանի շէնքին մօտ դաշունահարել անցորդները` վիրաւորելով ինը անձեր:

Համալսարանի ապահովութեան հսկող ոստիկաններէն մէկը կրակ բանալով սպաննեց յանցագործը:

Յարձակումին դրդապատճառները մնացին անծանօթ, սակայն աւելի ուշ ամերիկեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ յարձակում գործողը ծագումով սոմալցի 20-ամեայ երիտասարդ մըն է:








All the contents on this site are copyrighted ©.