2016-11-29 10:35:00

«Անկարելի Է եւրոպայի անվտանգութիւնը երաշխաւորել առանց Ռուսիոյ» կ՛ըսէ Եունքըր


Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ժան Քլոտ Եունքըր յայտնեց, որ անկարելի է Եւրոպայի մէջ ապահովութիւն հաստատել առանց Ռուսիոյ` շեշտելով, որ անհրաժեշտ է վերջինիս հետ խօսիլ մեկնելով իրարահաւասարութեան սկզբունքէն եւ զայն աւելի լաւ պէտք է ճանչնալ:

«Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա մեծ սխալ գործեց, երբ Ռուսիան շրջանային պետութիւն մը նկատեց», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Իմ կողմէս կը նախընտրեմ անոր հետ արտակարգ համաձայնութիւն գոյացնել, որովհետեւ առանց անոր կարելի չէ Եւրոպայի անվտանգութիւնը երաշխաւորել»:

«Մենք Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքականութեան որոշումներուն չենք հետեւիր: Ուաշինկթըն կը կատարէ ինչ որ կ՛ուզէ, իսկ եւրոպացիները իրենց յատուկ շահերն ու իրենց վերաբերող մարզերը ունին եւ պէտք է զանոնք իրենք ղեկավարեն», նշեց Եունքըր:

Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահը նշեց. «Ռուսիան կ՛իշխէ տարածքի մը վրայ, որ Եւրոպայի տարածքին երեք անգամն է: Անոր հետ պէտք է վարուիլ իբրեւ մեծ միութիւն մը եւ անոր հետ խօսիլ հաւասարէ հաւասար»:








All the contents on this site are copyrighted ©.