2016-11-28 12:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապին ցաւակցագիրը Հայր Քոլվենպախի մահուան ի լուր։


(Ռատիօ Վատիկան) Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Կիրակի 27 նոյեմբեր 2016-ին, ցաւակցական հեռագիր մը ուղղեց Յիսուսեան միաբանութեան ընդհանուր մեծաւոր` Հայր Արթուրօ Սոզային որուն մէջ իր ցաւակցութիւնները փոխանցեց  Յիսուսեան համայն միաբանութեան ընտանիքին ի լուր Յիսուսեան Միաբանութեան երբեմնի ընդհանուր մեծաւոր` Հայր Փիթեր Հանց Քոլվընպախի մահուան։

Նորին Սրբութիւնը ցաւակցագիրին մէջ յիշեց Հայր Քոլվընպախի ամբողջական հաւատարմութիւնը Քրիստոսի ու Աւետարանին, ինչպէս նաեւ անոր վեհանձն նուիրումը ու ծառայական հոգին ի սպաս Եկեղեցւոյ բարիքին։ Սրբազան Պապը աղօթք բարձրացուց առ Աստուած հայցելով Աստուածային ողորմութիւնը ու ննջեցեալին հոգւոյն համար յաւիտենական հանգիստ, ապա վստահեցուց իր հոգեւոր մօտիկութիւնն ու մասնակցութիւնը յուղարկաւորութեան արարողութեան­, ու բոլոր եղբայրակիցներուն ու բոլոր անոնց որոնք կը բաժնեկցին այս սուգի տխրութիւնը, ջամբեց իր առաքելական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.