2016-11-28 12:28:00

Ֆրանչիսկոս Պապ հանդիպեցաւ Քահանայապետական գիտութեան կաճարի անդամներուն հետ


(Ռատիօ Վատիկան) Քահանայապետական գիտութիւններու կաճարին տարեկան ընդհանուր ժողովին առիթով, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ, երկուշաբթի, 28 նոյեմբերին, Վատիկանի Քոնչիթորօ դահլիճին մէջ  ընդունեց յիշեալ  ժողովին մասնակիցները ու անոնց  ուղղեց ճառ մը, որուն մէջ նախ շնորհակալութիւն յայտնեց գիտութեան կաճարին ընծայած նպաստին համար, ըլլայ գիտութեան զարգացման,  ըլլայ մարդ էակներու միջեւ  համագործակցութեան ,  ինչպէս նաեւ երկրագունդի հանդէպ խնամքի, բնագաւառներէն ներս։

Սրբազան Հայրը արժէքաւորեց գիտութեան առաքելութիւնը՝ ի սպաս բնապահպանութեան  նոր հաւասարակշիռ ամբողջական  ծառայութեան։

Ապա նշեց թէ յայտնաբերուած  է  նոր դաշինք մը  գիտութեան  հասարակութեան եւ քրիստոնէական հասարակութեան միջեւ,   որոնք  ունին միասնական եւ բաժնեկցած կէտնպատակ`  հանդէպ հասարակաց տան պահպանութեան, որ վտանգի տակ կը գտնուի կենսոլորտի անկումի  եւ աղքատութեան աճումի ինչպէս նաեւ  ընկերութեան մեկուսացումի հետեւանքով։

Նորին Սրբութիւնը իր գնահատանքը յայտնեց  գիտութեան կաճարին՝ մարդկութեան եւ մայր երկրագունդին նկատմամբ տածած աշխատանքներուն համար , որովհետեւ անոնք  հասցէագրուած են մարդկութեան ամբողջական  զարգացման , խաղաղութեան, արդարութեան, արժանապատուութեան ինչպէս նաեւ մարդ էակի ազատութեան – ըսաւ Ան ու այս առնչութեամբ   որպէս վկայութիւն նշեց գիտութեան կաճարին ընդհանուր ժողովին  ընթացքին քննարկուած նիւթերը, սննդարարութեան ապահովութիւնը, վերանորոգիչ ուժերը, ինչպէս նաեւ արուեստական իմացականութեան կարողութիւնն ու սահմանափակումները։.

Մէջբերելով հուսկ ՝՝Գովեալ ըլլաս՝՝ շրջաբերական  թուղթէն հատուած մը ուր գրուած է ՝՝կանչուած ենք դառնալու գործիքներ Հայր Աստուծոյ, որպէսզի մեր երկրագունդը ըլլայ այն ինչ որ Աստուած երազեց զայն ստեղծագործելով, ու ան կարենայ  համապատասխանեն  խաղաղութեան ու գեղեցկութեան ծրագրին>>,  

Սրբազան հայրը նշեց,  թէ ժամանակակից աշխարհին մէջ կ՝աճինք այն համոզմունքով կարծես թէ երկրագունդը մեր սեփականութիւնը  ըլլար։ Իրականութեան մէջ  մենք թանգարաններուն պահակները չենք,  այլ համագործակիցները, պահպանութեան ,  էակներու  զարգացման եւ երկրագունդի կենսաբազմազանութեան, եւ անոր մէջ գտնուող մարդոց կեանքին – հաստատեց  Ֆրանչիսկոս Պապ ու յորդորեց որ միջազգային քաղաքական գետնի վրայ գիտնականները աշխատանք տանին` զերկ՝ քաղաքական, տնտեսական կամ գաղափարագիտական  շահերէն, կառուցելու մշակութային տիպար մը, դիմագրաւելու համար կլիմայի փոփոխութեան տագնապները եւ անոր ընկերութեան կեանքին վրայ ունեցած հետեւանքները , որպէսզի աշխարհի հզօրագոյն արտադրական կարողութիւնները սահմանափակուած չի մնան լոկ քիչերուն համար։  

Նորին Սրբութիւնը ապա ընդգծելով   միջազգային քաղաքականութեան ցուցաբերած նուազ պատրաստակամութիւնը, հասարակաց ու տիեզերքի բարիքի որոնումին շրջագիծէն ներս, քաջալերեց  ներկաները չի կորսնցնելու իրենց յոյսը, եւ  օգտուելու Տիրոջ ընծայած ժամանակէն, ապա մատնանշեց  անթիւ քաջալերանքի նշաններուն,  որոնք ցուցանիշն են մարդկութեան մը` որ կ՝ուզէ հակազդել, ընտրել հասարակաց բարիքը , եւ վերանորոգուիլ  պատասխանատուութեան եւ զօրակցութեան հոգիով։

Սրբազան Հայրը խօսքը եզրափակեց բոլոր ներկաներուն մաղթելով բարի աշխատանք ապա անոնց ու անոնց ընտանիքներուն վրայ հայցեց երկնային օրհնութիւններ սովորութեան համաձայն անոնցմէ խնդրելով որ չմոռնան աղօթել իրեն համար։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.