2016-11-28 12:50:00

''Մոսուլէն քրիստոնեայ մը որդեգրէ'' Սուրբ Ծննդեան նուէր-ծրագիր։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Կարիքը կայ քերոզենի` տուները տաքցնելու համար, վերարկուներու պաղէն պահպանուելու համար,  բաժանորդագրութիւններու պատանիները դպրոց փոխադրելու համար, ֆինանսաւորումի բնակարաններու ամսական վարձքերը վճարելու համար'' ասոնք են պահանջները Մոսուլէն` Նինուէի մէջ ապաստան գտած գաղթական ընտանիքներուն, որոնք փախուստ տուած են ՏԱՀԵՇ-ի վայրագութիւններէն ու ապաստան գտած են Քիւրտեսատնի մէջ եւ այժմ յոյսով կը սպասեն շրջանի մէջ տիրող իրավիճակի զարգացումներուն հասկնալու համար թէ ինչպէս պիտի աւարտի  այդպէս կոչուած Իսլամական Պետութեան դէմ մղուած պայքարը։

''Մոսուլէն քրիստոնեայ մը որդեգրէ'' ծրագիրն ու կոչը ձեռնարկած է Ազիանիուզ լրատու գործակալութիւնը։

Ծրագրի իրականացումը սկիզբ առած է երկու տարիներ առաջ 2014-ին, ու ահա այս տարի եւս կը շարունակուի օգնութեան հասնելու Մոսուլի գաղթականներուն, որպէսզի կարենան նախ եւ առաջ դիմագրաւել ձմռան ցուրտ կլիման ու յոյսի նշոյլով ապրին Սուրբ Ծննդեան տօնը։

''Կոչ կ՛ուղղենք ձեր վեհանձնութեան որպէսզի Սուրբ Ծննդեան նուէր մը ապահովենք մեր եղբայրներուն'' գրած են վերոնշեալ ծրագրի պատասխանատուները այս առթիւ հրապարակած մէկ հաղորդագրութեան մը մէջ կոչ ուղղելով ''հրաժարիլ մեզի համար աւելորդ նկատուած մէկ նուէրէն ու անոր արժէքը յատկացնել հիմնակենցաղային նուէր մը պարգեւելու համար` անոնց որոնք տարիներէ ի վեր տառապանքի մէջ կ՛ապրին''։

Օգնութիւններու կամ նուիրատուութիւններու համար սեղմել ԱՅՍՏԵՂ 








All the contents on this site are copyrighted ©.