2016-11-28 10:21:00

Մատենադարանի մօտ 7000 ձեռագիր թուայնացուած է


Մատենադարանին մէջ պահուող ձեռագիրներէն մօտ 7000-ը արդէն թուայնացուած է: Միաժամանակ թուայնացուած է նաեւ 100 հազար միաւոր արխիւային վաւերագրեր: Այս մասին, ըստ Panorama.am-ի, յայտնած է Մատենադարանի տնօրէնի նորագոյն ճարտարագիտութիւններու եւ հրատարակչական հարցերու գծով խորհրդական, տպագիր եւ ձեռագիր հաւաւքածուներու թուայնացման աշխատանքներու պատասախանատու Գուրգէն Գասպարեան:

Ան նշած է, որ արխիւային վաւերագրերը կը թուայնացուին ըստ պատուէրի, պահանջի, ձեռագրերը` ըստ գոյքահամարի, հերթականութեան:

«Երբեմն ձեռագրերը թուայնացնում ենք նաեւ ըստ պատուէրի: Պատուիրում են հայագէտները, ուսումնասիրողները, երբ որեւէ թեմայի ուսումնասիրութեամբ են զբաղւում»,- աւելցուցած է ան:

Գ.Գասպարեանի խօսքով` Մատենադարանին մէջ կայ 22 հազար ձեռագիր, որուն 1/3-ը արդէն իսկ թուայնացուած է:

«Նման ընթացքով  շարունակելու դէպքում երեւի 6-7 տարուայ ընթացքում ձեռագրային ողջ հաւաքածուն կը թուայնացնենք»,- ըսած է ան:

Նշենք, որ Մատենադարանին մէջ պահուող ձեռագիրներու թուայնացման աշխատանքները սկսած են 2007-2008-ին: Տարիներու ընթացքին Մատենադարանը ձեռք բերած է թուայնացման համար նախատեսուած նոր սարքեր:








All the contents on this site are copyrighted ©.