2016-11-28 10:28:00

Հայաստանը պիտի հիւրընկալէ ֆրանսախօս երկիրներու 2018-ի վեհաժողովը


Անթանանարիվոյի մէջ ընթացող Ֆրանսախօս երկիրներու 16-րդ վեհաժողովը միաձայնութեամբ որոշում տուաւ 2018-ին Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան 17-րդ վեհաժողովը  կազմակերպելու Հայաստանի մէջ:

Որոշումի կայացման յաջորդեց Հայաստանի արտաքին գործոց  նախարար Էդուարդ Նալբանդեանին ելոյթը, որուն ընթացքին ան, դիմելով ֆրանսախօս երկիրներու պետութիւններու եւ կառավարութիւններու ղեկավարներուն, կարդաց Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի շնորհակալական ուղերձը: Նախագահ Սարգսեանի ուղերձին մէջ նշուած էր, թէ  Ֆրանսախօս երկիրներու 17-րդ վեհաժողովը Հայաստանի մէջ կազմակերպելը վկայութիւնն է մեր երկրին հանդէպ դրսեւորուած վստահութեան եւ համերաշխութեան, որ կազմակերպութեան իր անդամակցութեան յաջորդած տարիներուն ընթացքին կարեւոր ներդրում ունեցած է ֆրանսախօս երկիրներու արժէքներու տարածման գործին մէջ:

Նախագահ Սարգսեան ըսած է. «Այս որոշումը նաեւ կարեւոր ուղերձ է Կեդրոնական եւ Արեւելեան Եւրոպայի բոլոր ֆրանսախօս երկիրներուն, որոնց համար յառաջիկայ վեհաժողովը առիթ պիտի հանդիսանայ  անգամ մը եւս արժեւորելու Ֆրանսախօսութիւնը մեր շրջանին մէջ: Մենք հաստատակամ ենք ապահովելու այս կարեւոր իրադարձութեան յաջողութիւնը: Մեր երկիրը ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ` բարձր մակարդակով կազմակերպելու այդ վեհաժողովը»








All the contents on this site are copyrighted ©.