2016-11-26 14:25:00

Ֆրանչիսկոս Պապի ցաւակցական հեռագիրը Ֆիտել Քասթրոյի մահուան ի լուր


(Ռատիօ Վատիկան) Քուպայի նախկին նախագահ՝ Ֆիտել Քասթրոյի մահուան ի լուր , շաբաթ, 26 նոյեմբերին,  Ֆրանչիսկոս Պապ ցաւակցական հեռագիր յղեց  հանգուցեալին եղբօր, Քուպայի հանրապետութեան նախագահ՝   Ռաուլ Քասթրոյին , որուն մէջ   իր ցաւակցութիւնը յայտնեց  նախագահին, Քուպայի սիրելի ժողովուրդին եւ ննջեցեալին ընտանեկան պարագաներուն։

Սրբազան Հայրը ապահովեցնելով  իր աղօթքը նախագահին հոգւոյն յաւիտենական հանգստեան համար,  Քուպայի համայն ժողովուրդը յանձնեց երկրի պաշտպան սրբուհի` Քոպրէյի սիրոյ Տիրամօր բարեխօսութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.