2016-11-26 11:39:00

Ֆրանչիսկոս Պապի ողջոյնի խօսքը Ժոզէֆ Ռացինկեր մրցանակաբաշխումի առթիւ։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ, 26 նոյեմբերին, առաւօտուն, Վատիկանի Քլեմենթինա դահլիճին մէջ, տեղի ունեցաւ Ժոզէֆ Ռացինկեր 2016 թուի մրցանակաբաշխումի արարողութիւնը ի ներակայութեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին։

Այս առթիւ արտասանած  խօսքին մէջ Սբրազան Հայրը իր ուրախութիւնը յայտնեց յիշեալ հիմնարկի անդամներուն հետ հանդիպելոն համար, ապա իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Վաստակաւոր Պենետիկտոս ԺԶ  Քահանայապետին նկատմամամբ որ  կը շարունակէ  աղօթքով ընկերանալ եկեղեցւոյ կեանքին։ 

Սրբազան Հայրը իր գոհունակութիւնը յայտնելով նաեւ Վախճանաբանութեան մասին կայացած միջազգային հաւաքին համար, որ գումարուեցաւ Հռոմի մէջ եւ վերջ գտաւ այսօր Աուկուստինիանում համալսարանին մէջ՝ Կարդինալ Ճանֆրանօ Ռավազիի ելոյթով, նշեց, թէ Վախճանաբանութեան նիւթը յոյժ կարեւոր տեղ գրաւած է Փրոֆ Ժոզեֆ Ռացինկերի Աստուածաբանական մտածողութեան մէջ, երր ան կառավարիչն էր Հաւատոյ վարդատետութեան ժողովին ինչպէս նաեւ քահանայապետութեան շրջանին։ 

<<Վաստակաւոր քահանապետին ուսումնասիրութիւնը հիմնուած էր Սուրբ Գիրքի եւ եկեղեցւոյ հայրապետներուն վրայ,  սնանուած  հաւատքով եւ աղօթքով, որ մեզ կ՝օգնեն բաց մնալու յաւիտականութեան հորիզոնին դիմաց>>, ըսաւ Սրբազան Հայրը ապա շնորհաւաորեց Ժոզէֆ Ռացինկեր 2016 թուականի  մրցանակին  արժանացողները՝  գերապայծառ Ինոս Պիֆին եւ երիտասարդ ՓրոՖ Իոաննիս Քուրեմփլեսը, որոնք իրենց կեանքը նուիրած են եկեղեցւոյ ծառայութեան, աստուածաբանական ուսումնասիրութեան ասպարէզի ծիրէն ներս։

Ֆրանչիսկոս Պապ  շնորհաւորելով նաեւ ԺոզէՖ Ռացինկեր հիմնարկին անդամները իրենց մատուցած ծառայութեան համար,  խօսքը աւարտեց շնորհելով իր հայրական օրհնութիւնները բոլոր ներկաներուն  ու անոնց ընտանեկան պարագաներուն։։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.