2016-11-26 13:05:00

Ֆրանչիսկոս Պապի հանդիպումը Իտալիոյ քաղաքացիական ծառայութեան երիտասարդներուն հետ


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ, 26 նոյեմբերին, Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Իտալիոյ քաղաքացիական ազգային ծառայութեան աւելի քան 7000 երիտասարդները ու անոնց ուղղեց ճառ մը, որուն մէջ իր գնահատանքը յայտնեց երիտասարդներու  մատուցած կամաւոր եւ անշահախնդիր ծառայութեան համար, ի նպաստ ընկերութեան բարգաւաճման։  

՝՝Անշահախնդիր կամաւոր ծառայութիւնը բարենպաստ է ոչ միայն ընկերութեան այլեւ ձեր անձին եւ ձեր մարդկային հասունութեան։ Դուք , երկրին արժէքաւոր եւ մղիչ  ուժն   էք  եւ ձեր բերած նպաստը հրամայական կը նկատուի  ընկերութեան բարիքին համար,  մասնաւորապէս տկարներուն նկատմամբ՝՝. ըսաւ Սրբազան Հայրը ապա  ակնարկեց եղբայրասէր  եւ արդար քաղաքացիական հասարակութեան  մասին, զգուշացնելով աշխարհի զանազան երկիրներու  մէջ ընկերային զանազան խաւերուն միջեւ  անհաւասարակշիռ զարգացումէն ,  տկարներուն հանդէպ նուազ խնամակալութենէն , զինավաճառութենէն,  ու շեշտեց  թէ այս բոլորը նախատինք կը հանդիսանան  մեր ընկերութեան եւ   մշակոյթին։

Ֆրանչիսկոս Պապ անդրադառնալով քաղաքացիական ծառայութեան անթիւ  ծրագիրներուն, յատուկ շեշտ դրաւ բնապահպանութեան վրայ, մատնանշելով յատկապէս  մարդկային բնապահպանութեան չափանիշի մասին,  որ թոյլ կու տայ ճանչնալու բնապահպանութեան եւ մարդու միջեւ սերտ կապը, եւ կը թոյլատրէ ճանչնալ կենսոլորտի վատթարացման  վտանգաւոր հետեւանքները`  մարդոց կեանքի վրայ, յատկապէս աղքատներուն նկատմամբ

Քահանայապետը ընդգծեց ապա գաղթականներուն հանդէպ հոգատարութիւնը, դաստիարակչական եւ խնամակալական ծրագիրները, ինչպէս նաեւ վերջերս Իտալիոյ մէջ երկրաշարժի թիրախ դարձած բնակչութեան նկատմամբ ծառայութիւնը։  

Սրբազան Հայրը մաղթանք յայտնեց երիտասարդներուն­ ընթանալու իրենց կեանքին   ուրախութիւն պատճառող ուղիին վրայ, որ միեւնոյնը չէ բոլորին համար,  սակայն`  իւրաքանչիւրը կարող է իր անձնաւորութեան, իր կացութեան համեմատ ատակ ուղի մը գտնել։ Սոյն ուղիներէն մին է ծառայութեան ուղին , որով իւրաքանչիւր անձ ինքզինք ուրախ կը զգայ երբ՝ օգտակար կը դառնայ ուրիշներուն։։

Ճառին աւարտին Սրբազան Հայրը հրաւիրեց երիտասարդները ունենալու որպէս տիպար`  Յիսուսի կատարեալ մարդկութիւնը , որ իր կեանքը զոհեց ուրիշներուն համար:








All the contents on this site are copyrighted ©.