2016-11-26 08:33:00

Սթեֆըն Հոքինկ, Վատիկանի մէջ, մասնակցեցաւ գիտութիւններու կաճառի համագումար նիստին։


(Ռատիօ Վատիկան) Նշանաւոր գիտնական Սթեֆըն Հոքինկ, Ուրբաթ, 25 նոյեմբերին, Վատիկանի մէջ, ներկայ գտնուեցաւ Քահանայապետական Գիտութիւններու Կաճառի համագումար նիստին։ Ֆրանչիսկոս Պապ ունկնդրութեան մը ընթացքին ընդունեցաւ Կաճառի անդամները եւ Հոքինկը։
Հոքինկ, Քէմպրիճի համալսարանի թուաբանութեան ամպիոնի երկարամեայ դասախօս, յատկապէս հռչակ ստացած է սեւ խոռոչներու շուրջ իր արտայայտած տեսութիւններուն եւ գիտահանրամատչելի գրութիւններուն համար։ Ան կը ներկայացնէ այն դրոյթը, թէ տիեզերքը ինքզինք ոչինչէն ստեղծած է, առանց աստուածային արարչագործութեան, սոսկ ձգողականութեան ներգործութեամբ։
Բրիտանացի աստղաֆիզիկոսը 1963 թուականէն ի վեր կը տառապի ջիղերու հիւանդութեամբ մը, եւ միայն խօսելու համակարգիչի միջոցաւ կրնայ արտայայտուիլ։ Ան, 2008 թուականին մաս կազմած էր Քահանայապետական Գիտութիւններու Կաճառի ժողովին։
Այս տարուան հանդիպումին Կաճառը կը քննարկէ գիտութեան եւ ճարտարարուեստի ունեցած ազդեցութիւնը ընկերութեան եւ կենսոլորտի վրայ։








All the contents on this site are copyrighted ©.