2016-11-25 08:25:00

''Տառապող Եկեղեցւոյ օգնութիւն''ը ի սպաս հալածուած Քրիստոնեաներուն։


(Ռատիօ Վատիկան) Հռոմի աշխարհահռչակ  ''Fontana di Trevi'' շատրուանի եւ Փորթուկալի ''Քրիստոս Թագաւոր'' արձանի արեան գոյնով լուսաւորումներէն ետք, 23 նոյեմբերին Լոնտոնի Ուեսթմինսթերի շրջանի մէջ կարմիր գոյնով լուսաւորուեցան Ուեսթմինսթերի Աբբայարանը, աթոռանիստ եկեղեցին ու խորհրդարանը, աշխարհին յիշեցնելու համար քրիստոնեաներու կրած հալածանքի ողբերգութիւնը ու կրօնի ազատութեան խախտումներ։

Լուրը հաղորդեց Տառապող Եկեղեցւոյ օգնութիւն` իտալիոյ մասնաճիւղի տնօրէնը Տիար Ալեսսանտրօ Մոնթետուրօ որ ապա նշեց թէ ''պահը եղաւ անմոռանալի''։

''Այդ օրը դարձաւ կարմիր չորեքշաբթի` ի պատիւ այն կիներուն ու այր մարդոց որոնք աշխարհի տարբեր վայրերու մէջ կը տառապին հալածանքի, հարստահարումի ու խտրականութեան պատճառաւ, պարզապէս որովհետեւ կը փափաքին ազատ օրէն ապրիլ իրենց հաւատքը'', հաստատեց Տառապող եկեղեցւոյ օգնութիւն Իտալիոյ մասնաճիւղի տնօրէնը, յոյս յայտնելով որ ''փլուզուի լրութեան պատը ու այս հարցը դառնայ հանրային բանավէճի նիւթ''։

''Մենք պիտի շարունակենք իշխանութիւններուն ու հանրային կարծիքին ուշադրութեան յանձնել ու շօշափելի կերպով աջակցիլ մեր բոլոր հալածուած եղբայրներուն, ըսաւ Տիար Մոնթետուրօ, մաղթանք յայտնելով որ նման ձեռնարկներ ունենան միջազգային գետնի վրայ արձագանք։








All the contents on this site are copyrighted ©.