2016-11-25 09:50:00

Եւրոպական Խորհուրդը սառեցուց Թուրքիոյ հետ բանակցութիւնները:


«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Եւրոպական խորհրդարանը որդեգրած է Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան շուրջ Թուրքիոյ հետ բանակցային հոլովոյթը սառեցնելու որոշում մը:

Որոշումը որդեգրուած է 479 թեր, 37 դէմ եւ 107 ձեռնպահ քուէներով:

Թէեւ Եւրոպական խորհրդարանի առաջարկը չունի օրէնքի ուժ, սակայն կարեւոր պատգամ մը կը նկատուի Եւրոպական Միութեան եւ անոր անդամ պետութիւններու ղեկավարութեան: Կ՛ակնկալուի, որ Թուրքիոյ անդամակցութեան հարցը պիտի քննարկուի դեկտեմբերին նախատեսուած Եւրոպական Միութեան ղեկավարներու վեհաժողովին ընթացքին:

Եւրոպական խորհրդարանի կողմէ որդեգրուած բանաձեւին մէջ մասնաւորաբար կոչ կ՛ուղղուի վերցնելու Թուրքիոյ մէջ հաստատուած արտակարգ դրութիւնը: Կը նշուի, որ թրքական իշխանութիւններուն կողմէ մահապատիժի վերականգնումը պիտի նկատուի անդամակցութեան հոլովոյթը պաշտօնապէս առկախելու պատճառ: Անդրադառնալով Թուրքիոյ քաղաքացիներուն համար Եւրոպական Միութեան տարածք մուտքի արտօնագիրի ազատականացման` Եւրոպական խորհրդարանը կը նշէ, որ առաջադրուած 72 նախապայմաններէն 7-ն չէ կատարուած:

Ըստ կանոնագիրի, Եւրոպական խորհրդարանի նախագահ Մարթին Շուլց որդեգրուած փաստաթուղթը պէտք է ուղարկէ Եւրոպական յանձնաժողովին եւ միութեան անդամ երկիրներուն, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ կառավարութեան ու խորհրդարանին:








All the contents on this site are copyrighted ©.