2016-11-25 10:44:00

«Արցախին սատարելը գիտակցական քայլ Է, որուն պէտք Է դիմէ իւրաքանչիւր անհատ»


Հոկտեմբեր 20-24 Երեւանի եւ Ստեփանակերտի մէջ կայացաւ Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութիւններու անկախութեան 25-ամեակին նուիրուած «Հայոց պետականութիւնը` միասնութեան առանցք» խորագիրով Լրագրողներու համահայկական 8-րդ համաժողովը, որուն մասնակցեցաւ շուրջ 140 լրագրող աշխարհի 31 երկրէ:

Ամփոփելով համաժողովի աշխատանքները` մասնակիցները որոշեցին համահայկական լրատուամիջոցներով սկսիլ «Դո՛ւն ի՞նչ կ‘ընես Ղարաբաղի համար» համահայկական շարժումը, որուն շուրջ եւ «Հայերն այսօր»-ը զրուցած է Լիբանանի «Ազդակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր, Լրագրողներու համահայկական համաժողովները համակարգող խորհուրդի նախագահ Շահան Գանտահարեանի հետ:

- Պարո՛ն Գանտահարեան, արդէն անցեալ է Լրագրողներու համահայկական 8-րդ համաժողովը, որ իրականացուեցաւ Երեւանի եւ Ստեփանակերտի մէջ: Ամփոփելով համաժողովի աշխատանքները` ինչպէ՞ս կը գնահատէք Սփիւռքի նախարարութեան կողմէ համաժողովներու կազմակերպումն ու աջակցութիւնը: Որո՞նք են Ձեր կարծիքով այս տարիներու կարեւոր ձեռքբերումները:

- Նման համաժողովները կը ծառայեն փոխճանաչողութեան, այնուհետեւ կ’ունենան գործնական դրսեւորումներ` համագործակցութեան ուղիներու ճշդման առումով: Այս համաժողովներուն շնորհիւ է, որ սկսաւ գործուն կերպով աշխատիլ Հայկական աշխարհի մէջ գործող բոլոր լրատուամիջոցներու ցանցային համակարգը:

Հետզհետէ կը նկատենք հայրենի լրատուամիջոցներուն մէջ սփիւռքեան կազմակերպուած կեանքի ճիշդ, առարկայական լուսաբանումը: Փոխադարձաբար, հայրենիքն ալ առաւել ներկայ է սփիւռքեան ԶԼՄ-ներուն մէջ: Այս համաժողովներուն շնորհիւ` սփիւռքեան կարեւոր թերթեր ունին իրենց սեփական թղթակիցները Հայաստանի մէջ:

2010 թուականին կայացած Լրագրողներու համահայկական 5-րդ համաժողովը յատուկ քննարկած էր հակառակորդներու սանձազերծած ապատեղեկատուական արշաւներուն ճիշդ դիմակայելու ռազմավարական ու մարտավարական խնդիրները: Ապրիլեան պատերազմին ժամանակ մենք ականատես եղանք, որ հայկական լրատուադաշտը լուծած էր իր դէմ դրուած բազում մարտահրաւէրները եւ փայլուն կատարողականութեամբ իրականացուց ճգնաժամային տեղեկատուութեան գործողութիւնները: Մեր լրատուամիջոցները իրենց աշխատելաոճով ցոյց տուին, որ յատկապէս նման պահերուն պէտք է լրատուութիւնն ու մեկնաբանութիւնը բացառապէս հիմնել համապատասխան գերատեսչութիւններու թողարկած տեղեկատուութիւններուն վրայ:

Սա փաստ է: Եւ համոզուած եմ, որ այս փաստի կայացման մէջ դերակատարութիւն ունին նաեւ մեր համաժողովները:

Նման համախմբուածութիւն եւ նման ընդգրկուն օրակարգեր, նման ընդառաջում եւ մասնակցութեան պատկեր` միայն պետական տանիքի տակ կարելի է իրականացնել: Սփիւռքի խայտաբղէտ դաշտը միայն նման առանցքի շուրջ կարելի է համախմբել ե՛ւ իբրեւ գաղափարախօսութիւն, ե՛ւ իբրեւ մեքենականութիւն եւ ծառայութիւն

 - Պարո՛ն Գանտահարեան, Լրագրողներու համահայկական 8-րդ համաժողովին ընթացքին սկիզբ դրուեցաւ «Դուն ի՞նչ կ’ընես Ղարաբաղի համար» համահայկական շարժումին: Ձեր կարծիքով ի՞նչ էր նման շարժում նախաձեռնելու շարժառիթը եւ ի՞նչ կ’ենթադրէ այն:

- Կը կարծեմ` շատ կարեւոր կարգախօս է Հայկական աշխարհին մէջ համակարգելու Արցախի միջազգային ճանաչման եւ Արցախի Հանրապետութեան հզօրացման նպատակով տարուող աշխատանքները:

Համոզուած եմ` Հայկական կազմակերպուած Սփիւռքին մէջ չկայ համայնք, որ այս նպատակներուն համար քարոզչաքաղաքական առումով գործողութիւն չ’իրականացներ: Այս կարգախօսը անպայման կը խթանէ, որ առաւել եւս համակարգուած, ծրագրուած եւ նպատակուղղուած աշխատանքներ կազմակերպուին տարբեր ոլորտներու մէջ, յատկապէս` մշակութային, կրթական, երիտասարդական, զբօսաշրջութեան, բնակեցման:

Իւրաքանչիւր համայնք եթէ իր երգչախումբի համերգը, պարախումբի ելոյթը, մարզական խումբի մրցոյթը մէկ անգամ կազմակերպէ Արցախի մէջ` մենք կ’ունենանք փառատօնային եղանակներ:

Եթէ իւրաքանչիւր համայնք իր երկրի ամենանշանաւոր լրագրողներուն գործուղէ Արցախ, արդիւնքը կ’ըլլայ այն, որ բազմաթիւ օտար լրատուամիջոցներու մէջ մենք կ’ունենանք Արցախի խնդիրը ճիշդ լուսաբանող լրատուական-մեկնաբանական նիւթ:

Եթէ իւրաքանչիւր համայնք կազմակերպէ զբօսաշրջային այցելութիւններ դէպի Արցախ, ընդ որում` ոչ միայն տեղի հայերու, այլ նաեւ օտարազգիներու, մենք կ’ունենանք զբօսաշրջութեան որոշակի աճ:

Այս տարի 140 լրագրող աշխարհի 31 երկրէ արդէն երկրորդ անգամ համախմբուեցան Ստեփանակերտի մէջ (2010 թուականին Լրագրողներու համահայկական 5-րդ համաժողովը եւս իրականացուած է Ստեփանակերտի մէջ-Հ.Ա.): Տարբեր ոլորտներու համաժողովներ եւս պէտք է իրականացնել Ստեփանակերտի, Շուշիի կամ Արցախի այլ քաղաքներու մէջ:

- Լրատուամիջոցները ինչպէ՞ս կրնան նպաստել շարժման տարածման:

- Իբրեւ նախորդ հարցի շարունակութիւն` հայկական լրատուամիջոցները պէտք է շարունակեն աշխոյժ լուսաբանել այն ամէնը, որ կը կատարուի յանուն Արցախի: Մենք պէտք է հասկնանք, որ Արցախը միայն ռազմագօտի չէ: Նաեւ խնդիրը չի վերաբերիր միայն նիւթական օժանդակութեան: Երբ կ’ըսուի թէ` «Դուն ի՞նչ ես կ’ընես Ղարաբաղի համար», ատիկա կ’ենթադրէ որեւէ աշխատանք` որեւէ ոլորտի համար: Խօսքը բազմաբնոյթ եւ բազմաշերտ երկարաժամկէտ ծրագիրներու մասին է:

Եւ հայկական ԶԼՄ-ները պէտք է շարունակեն աշխոյժ լուսաբանել այս կարգախօսին տակ իրականացուող ձեռնարկները:

- Պարո՛ն Գանտահարեան, Լիբանանի մէջ ի՞նչ արձագանք  գտած է «Դուն ի՞նչ կ’ընես Ղարաբաղի համար» նախաձեռնութիւնը:

- Լիբանանի մէջ հայկական ԶՄՆ-ները իրենց կայք-էջերուն վրայ արդէն տեղադրած են կարգախօսն ու տարբերանշանը: Տպագրած են համապատասխան յայտարարութիւն եւ կը լուսաբանեն այս կարգախօսին ներքոյ տարբեր համայնքներու մէջ կատարուող ձեռնարկները:

Մէկ անգամ եւս նշեմ, որ նախաձեռնութիւնը ֆինանսական օժանդութեան ընկալումով պէտք չէ ընկալել եւ ատկէ բխող հետեւութիւններ ընել: Իւրաքանչիւր նախաձեռնութիւն, որ կը նպաստէ Արցախի հզօրացման, կարելի է տեղադրել այս կարգախօսին տակ:

- Պարո՛ն Գանտահարեան, Լրագրողներու 8-րդ համաժողովին ընթացքին մասնակիցները եղան Արցախ, հանդիպումներ ունեցան ԼՂՀ ղեկավարութեան հետ, այցելեցին առաջնագիծ: Իբրեւ հետեւութիւն Արցախ կատարած այցէն` ի՞նչ առաջնահերթութիւններ կը մատնանշէք, որոնք հնարաւոր է համահայկական ուժերով լուծել:

- ԼՂՀ ղեկավարութեան հետ մեր հանդիպումները անցան շատ բաց, հանգիստ: Երկրի Նախագահ Բակօ Սահակեան սպառիչ պատասխաններ տուաւ մեր բոլոր հարցերուն:

Արցախեան կողմը, գիտակցելով լրագրողական դաշտի կարեւորութեան, առարկայական եւ հիմնաւոր պարզաբանումներ տուաւ բոլոր հարցերուն, որ էապէս կը նպաստէ մեր կողմէ իրադարձութիւններու լուսաբանման ու մեկնաբանման:

Առաջնագիծ այցելութիւնը համոզեց բոլորիս, որ շնորհիւ այնտեղ կանգնած տղաներուն, մենք` իբրեւ ազգ, ուր ալ որ գտնուինք, կը շարունակենք գոյութիւն ունենալ, արարել եւ զարգանալ:

- Եւ վերջին հարցս. Արցախին սատարելը իւրաքանչիւր հայու համար ի՞նչ է` պարտականութիւն, սրտի թելադրանք, թէ՞…

- Արցախին սատարելը գիտակցական քայլ է, որուն պէտք է դիմէ իւրաքանչիւր անհատ, միութիւն եւ կազմակերպութիւն: Համոզուած եմ, որ համահայկական ներուժի առաջնային օրակարգին մէջ է Արցախի Հանրապետութեան ճանաչման խնդիրը, որուն իրականացման համար ամէն բնոյթի ծրագրային աշխատանք, առաւել եւս համակարգուած եւ մշակուած Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռակողմ ձեւաչափով հաստատուած նախագիծերու գոյացումն ու իրագործումը: Այստեղ մեծ դեր ունին իրականացնելիք հայկական ԶԼՄ-ները:

Հայեցակարգային այս ըմբռնումով պէտք է մօտենալ « Դուն ի՞նչ կ’ընես Ղարաբաղի համար» կարգախօսին:








All the contents on this site are copyrighted ©.