2016-11-24 09:37:00

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին ներկայացուած Է Սարսանգի հարցը:


Նոյեմբեր 22-ին, ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ տեղի ունեցած՝ «Միջազգային խաղաղութեան եւ ապահովութեան երաշխաւորում. Ջուրի աղբիւրներ, խաղաղութիւն եւ ապահովութիւն» խորագիրով բաց քննարկումին ընթացքին, ելոյթ ունեցած է ՄԱԿ-ի մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ, դեսպան Զոհրապ Մնացականեան, որ նշած է, թէ անդրսահմանային ջուրի աղբիւրները հասարակութիւններու եւ ազգերու միջեւ ընկերային եւ տնտեսական կախուածութիւն կը ստեղծեն, ինչ որ կրնայ երկրի մը մէջ կամ երկիրներու միջեւ վէճեր եւ հակամարտութիւններ պատճառել։ Ան աւելցուցած է, թէ փոխադարձ շահերու եւ կախուածութեան գիտակցումը պէտք է հիմք ծառայէ տարածաշրջանային խաղաղութեան եւ ապահովութեան ամրապնդման, ինչպէս նաեւ՝ տնտեսական աճին:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան տարածած հաղորդագրութեան համաձայն, Մնացականեան ափսոսանք յայտնած է այն փաստին համար, որ նոյնիսկ նման բնոյթի հարցերուն մէջ Ատրպէյճան ընտրած է Հայաստանի վրայ ցեխ արձակելու եւ մեղադրանքներ ներկայացնելու մօտեցումը:

«Սարսանգի ջրամբարը, որն առանցքային նշանակութիւն ունի Լեռնային Ղարաբաղի տնտեսութեան համար, մեծապէս՝ գիւղատնտեսական եւ ուժանիւթի արտադրութեան տեսնակիւնից, գտնւում է Լեռնային Ղարաբաղի իշխանութիւնների մշտական վերահսկողութեան ներքոյ», ընդգծած է Մնացականեան եւ յիշեցուցած, որ Լեռնային Ղարաբաղի իշխանութիւնները, իբրեւ բարի կամքի դրսեւորում՝ բազմիցս առաջարկած են ջուրի համատեղ օգտագործման համակարգ մը ստեղծել, ինչ որ կրնայ նպաստել կողմերուն միջեւ վստահութեան հաստատման: «Փոխարէնը՝ Պաքու նախընտրում է տարածել անհիմն մեղադրանքներ եւ կասկածելի «ապացոյցներ», որոնք, ըստ էութեան եւ մեղմ ասած՝ ապատեղեկատուութիւն են», ըսած է ներկայացուցիչը:








All the contents on this site are copyrighted ©.