2016-11-24 09:30:00

Լոս Անճելըսի հայ քոյրերու վարժարանի հայ մշակոյթի ամիսը:


Հայ ուսուցիչին համար, ուսումնական տարեշրջանի իւրաքանչիւր օր մշակոյթը վառ պահելու առիթ է, սակայն Հոկտեմբերը կու գայ իբրեւ եզրակացութիւն ամբողջ տարուան ընթացքին կատարուած աշխատանքներուն եւ առիթ կը ստեղծէ ներկայացնելու զանոնք ծնողներուն եւ հանրութեան: Այս աշխատանքը կը սկսի նոյնիսկ ամենափոքր դասարանէն, եւ տարիներու ընթացքին կրկնուելով՝ կը կոփէ այդ աշակերտներուն նկարագիրը:

Այս առաքելութեան հաւատալով՝ հայ ուսուցիչը ամէնուր, նաեւ Հայ Քոյրերու վարժարանին մէջ, նուիրումով կը կատարէ իր գործը։ Այս մէկը իրականացաւ Հոկտեմբեր 26ին, երբ Հայ Քոյրերու վարժարանի նախամանկապարտէզի բոլոր աշակերտները մասնակցեցան ղափամայի պատրաստութեան։ Անոնք իրենց ուսուցչուհիներուն առաջնորդութեամբ դդումը փորեցին, մէջը շաքարոտեցին, լեցուցին, ապա դպրոցի փուռին մէջ եփեցին, իսկ յաջորդ օրը հայկական տարազներ, հայկական թագեր եւ զարդեր հագած՝ եփուած ղափամաները զարդարեցին, որպէսզի տուն տանին եւ բացատրեն անոր իմաստը: Հաճելի էր դիտել, թէ անոնք ինչպէ՛ս կ՛ընկալէին բացատրութիւնները եւ կը գործադրէին տոհմիկ ճաշի պատրաստութիւնը, մինչ դասարանները վերածուած էին մէկական հայկական գաւառներու, ուր ուսուցիչները կը հրամցնէին լաւաշը, պանիրը, չիրն ու չամիչը՝ հայ պատկանելիութեան գիտակցութիւնը դրոշմելով մանուկներու մատղաշ միտքերուն եւ հոգիներուն մէջ:

Նախակրթարանի աշակերտները, ամբողջ ամիս մը սորվեցան մշակոյթի յատուկ արտասանութիւններ ու երգեր, կատարեցին աշխատանքներ՝ գծելով, ներկելով եւ գրելով հայկական տառեր, հայկական պտուղներ, մանրանկարներ, հայկական տարազներ, եւ ծանօթացան անոնց պատկանած շրջաններուն:

6-8րդ կարգերը իրենց հոկտեմբերեան սովորական աշխատանքներուն կողքին ունեցան նաեւ Մշակոյթի ամսուան «Հայկական ճաշերու ծրագիր»ը, որուն մեծ հաճոյքով կը սպասեն եւ զոր նոյնպէս մեծ հաճոյքով կը գործադրեն: Աշակերտները խմբակներու կը բաժնուին եւ տունը, իրենց ծնողներուն օժանդակութեամբ, ճաշի մը նախապատրաստական աշխատանքները կը կատարեն, ապա անոր պատրաստութեան ձեւը բացատրելով՝ զայն կ՛ամբողջացնեն դասարանին մէջ: Այս աշխատանքին համար պահանջուած է նաեւ գրաւոր, պատկերազարդ գրքոյկի մը ներկայացումը, նաեւ՝ համակարգիչի օգտագործում։ Ծրագիրը կ՛աւարտի հաճելի կերուխումով: Այս ծրագիրին օգտակարութիւնը կը կայանայ իր խմբային աշխատանքին, մեր աւանդական ճաշերու ծանօթացման, առօրեայ կեանքի գործածական բառերը ճշգրիտ հայերէնով օգտագործելու վարժութեան եւ աշակերտներուն մօտ հայերէնով հրապարակախօսութիւնը զարգացնելուն մէջ։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 27ի յետմիջօրէին տեղի ունեցաւ Մշակոյթի ամսուան եզրափակիչ հրապարակային հանդիսութիւնը՝ ներկայութեամբ վարժարանիս աոաքինազարդ քոյրերուն, ծնողներուն եւ պաշտօնէութեան: Օրուան հանդիսավարն էր Լինտա Գանտիլեան. հանդիսութիւնը սկիզբ առաւ Հայաստանի քայլերգով, զոր դաշնամուրի վրայ նուագեց Շանթ Նաճարեանը. մանկապարտէզի աշակերտները բեմ բարձրանալով կատարեցին հայ մշակոյթին նուիրուած ոտանաւորներ ու երգեր։ Տնօրէնուհին՝ քոյր Լուսիա, իր բացման խօսքով արժեւորեց հայ մշակոյթը՝ զայն կոչելով հայապահպանման ապահով կռուան: Հանդիսութեան ընթացքին բոլոր աշակերտները առիթ ունեցան իրենց մասնակցութիւնը բերելու՝ երգերով, արտասանութիւններով եւ ներկայացումներով. անոնք մեկնաբանեցին հայ գրականութենէն եւ երաժշտութենէն հայ լեզուն փառաբանող դասական գործեր. աշակերտներուն դաշնամուրով կ՛ընկերակցէր վարժարանիս երաժշտութեան ուսուցչուհի Վարդուհի Պաղտասարեան։ Ընթացքին, 2րդ դասարանը ներկայացուց «Փոքրիկ Թռչունին Առակը», իսկ 7րդ դասարանը՝ Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանի «Աղուէսին Քիթը»:

Հանդիսութիւնը իր աւարտին պահած էր գեղեցիկ ներկայացում մը՝ պատրաստուած 8րդ դասարանի աշակերտներուն կողմէ, ցորենի մասին: Անոնք ներկայացուցին հայկական մշակոյթին, ճաշացուցակին եւ աւանդութիւններուն մէջ ցորենին ունեցած կարեւոր տեղը. ներկայացումը ամբողջացաւ 4րդ դասարանի աշակերտներուն կողմէ՝ «Հացթուխ»ի երգախառն ներկայացումով: Անոնք ցոյց տուին, թէ հայ մամիկը ինչպէ՛ս տաք փուռին առջեւ կը պատրաստէր հայկական լաւաշը, որմէ ետք բեմահարթակը լեցուեցաւ 1-3րդ դասարաններու աղջիկներու հայկական շուրջպարով, մինչ ներկաները կը վայելէին համով ցորենի հատիկը։

Հանդիսութեան աւարտին, վարժարանի մեծ ընտանիքը յագեցած էր մշակոյթով… Քոյր Լուսիան մեծ ուրախութեամբ ողջունեց աշակերտները, որոնք ջանք չէին խնայած այս հանդիսութիւնը լաւագոյնս ներկայացնելու, ապա շնորհակալութիւն յայտնեց հայոց լեզու դասաւանդող ուսուցչուհիներուն եւ երաժշտութեան ուսուցչուհիին, որոնք մեծ նուիրումով եւ հաւատքով կը կատարեն իրենց վստահուած գործ՝ միշտ վառ պահելով հայ մշակոյթի փարոսը:

Քաղուած ''Ասպարէզէն''

 








All the contents on this site are copyrighted ©.