2016-11-23 15:05:00

Ֆրանչիսկոս Պապին նուէրը Համայն Ռուսիոյ Կիւրեղ Պատրիարքին 70-րդ տարեդարձին առթիւ։


(Ռատիօ Վատիկան) Մոսկուայի ու Համայն Ռուսիոյ ուղղափառ եկեղեցւոյ Կիւրեղ Պատրիարքի 70-րդ տարեդարձին առթիւ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, գերերջանիկ պատրիարքին նուիրեց Սուրբ Ֆրանչիկսոս Ասսիզացիի մասունք մը, ձեռամբ Քրիստոնեաներու միութեան քահանայապետական խորհուրդի նախագահ` կարդինալ Քիւրտ Քոխին որ Ռուսիա կը գտնուի Պատրիարքի տարեդարձին տօնախմբութիւններուն մասնակցելու համար եւ որ  22 նոյեմբեր 2016-ին, յատուկ հանդիպում ունեցաւ Ռուսիոյ Պատրիարքին հետ։

Կիւրեղ Պատրիարքը, յիշելով Հաւանայի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապին հետ ունեցած եղբայրական հանդիպումը,  իր խորհին շնորհակալութիւնը յայտնեց կաթողիկէ եկեղեցւոյ` տարեդարձի տօնախմբութիւններուն բերած մասնակցութեան համար, զայն նկատելով նաեւ որպէս առիթ միասնական ծրագիրներու շուրջ գաղափարներու փոխանակումի, յատկապէս հայող ներկայ աշխարհի մէջ քրիստոնեաներու կրած տառապանքին։

Կիւրեղ Պատրիարք բարձր արժեւորեց Քահանայապետին հետ ունեցած հանդիպումէն յառաջ եկած դրական իրադարձութիւնները` միաժամանակ ցաւ յայտնելով Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ գոյատեւող ծանր իրավիճակի նկատմամբ ու այդ երկիրներու բնակչութեան կրած դաժան տառապանքին ի տես։

Պատրիարքը ապա  իր խոր համոզումը յայտնեց թէ միասնական աշխատանքով կարելի է իսկապէս յաղթահարել ահաբեկչութիւնը`  յոյս յայտնելով որ խաղաղութիւնը հաստատուի Միջին Արեւելքի մէջ։

Կարդինալ Քոխ իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց Կիւրեղ Պատրիարքին ու անոր փոխանցեց Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը`  որուն մէջ յատկապէս նշուած է ''Կը փափաքիմ Ձերդ Սրբութեան, իմ սիրելի եղբօրս ի Քրիստոս, փոխանցել իմ անձնական շնորհաւորութիւններս ու վստահեցնել իմ աղօթքներս, ձեր 70-րդ տարեդարձին առիթով։ Շնորհակալ եմ նաեւ ձեր բերած անձնական սատարին, մեր եկեղեցիներու մօտեցումին ի սպաս, եւ մեծ ջերմութեամբ կը յիշեմ մեր հանդիպումը''։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.