2016-11-23 11:20:00

Քահանայապետը ընդունեց ''Մահմետական մշակոյթ եւ յարաբերութիւն'' կազմակերպութեան անդամները։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի, 23 նոյեմբերին, առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ, Վատիկանի Պօղոս Զ անուան փոքրիկ դահլիճին մէջ հանդիպեցաւ Քահանայապետական երկխօսութեան խորհուրդի եւ ՝՝Մահմետական մշակոյթ եւ յարաբերութիւն՝՝ Իրանեան կազմակերպութեան միջեւ կայացած բանակցական նիստի  մասնակիցներուն։

Ֆրանչիսկոս Պապ իր ողջոյնի խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնելով ներկաներուն ակնարկեց Իրանի նախագահին իրեն տուած այցելութեան ընդգծելով թէ ՝՝ես մեծապէս ուրախացայ երբ Իրանի Նախագահը զիս այցելեց ու լաւ տպաւորութիւն ունեցայ  Իրանի մշակոյթի նկատմամբ ՝ Իրանի փոխ նախագահին այցելութեան ընթացքին , որուն ընկերացած էին խումբ մը  ուսուցիչներ՝՝։

Սրբազան Հայրը ապա իր խնդակցութիւնը յայտնեց  ի տես տեղի ունեցող երկխօսութեան զայն համարելով յոյժ կարեւոր, ապա ներկաներէն խնդրեց որ չմոռնան աղօթել իրեն համար, որովհետեւ կարիք ունի աղօթքի ըսաւ Քահանայապետը ու դարձեալ շնորհակալութիւն յայտնեց ` երկխօսութիւն կատարելու  կամքին ի տես ինչպէս նաեւ ցուցաբերուած  մօտիկութեան եւ եղբայրութեան ։՝՝Թող Տէրը ձեզ բոլորդ օրհնէ՝՝ ըսաւ Սրբազան Հայրը աւարտելով խօսքը։

Յայտնենք , թէ 23 նոյեմբերի ՝ յետմիջօրէի ժամը 5,00ին, Ֆրանչիսկոս Պապ իր գրասենեակին մէջ կ՝ընդունի Վիեթնամի նախագահը։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.