2016-11-23 09:22:00

Վատիկանի մէջ գիտաժողով. «Վախճանաբանութիւն։ Վերլուծումներ եւ Հեռանկարներ»։


(Ռատիօ Վատիկան) Տարւոյս նոյեմբերի 24-25, Հռոմի Սուրբ Խաչ համալսարանի մէջ տեղի պիտի ունենայ միջազգային 6րդ գիտաժողովը, կազմակերպուած Եոզեֆ Ռացինկեր – Պենեդիկտոս ԺԶ. վատիկանեան Հիմնարկի կողմէ, որուն նպատակն է խթանել համագործակցութիւնը աստուածաբանական կաճառներու եւ կաթողիկէ համալսարաններու միջեւ։

Գիտաժողովին պիտի մասնակցին ակնառու գիտնականներ, Սուրբ Գրքի մասնագէտներ եւ աստուածաբաններ, որոնց կարգին նաեւ երկու ռաբբունիներ՝ Ռիքարտօ Տի Սենյի, գլխաւոր ռաբբունի Հռոմի, եւ Երուսաղէմէն՝ Մոշէ Իտել։

Գիտաժողովի աւարտին Ռացինկեր Մրցանակը, պիտի յանձնուի Գերապայծառ Ինոս Պիֆֆիի, որ ունի աստուածաբանական մեծ վաստակ, եւ յոյն ուղղափառ աստուածաբան՝ Փրոֆ. Իոաննիս Քուրեմբելեսի։

Գիտաժողովի խորագիրն է «Վախճանաբանութիւն։ Վերլուծումներ եւ Հեռանկարներ»։

Այս առիթով, Հ. Ֆետերիքօ Լոմպարտի, յիշեալ հիմնարկի վարչական խորհուրդի նախագահ, հարցազրոյցի մը մէջ լուսաբանած է հիմնարկի աշխատանքները, եւ գիտաժողովի առիթով քննարկուելիք նիւթի առընչութիւնը Պենետիկտոս ԺԶ. վաստակաւոր Քահանայապետի աստուածաբանական ուսուցման հետ։








All the contents on this site are copyrighted ©.