2016-11-23 10:25:00

Վանայ լիճ նետուած խաչքարները յարութիւն կ՝առնեն:


Վանի եւ Պիթլիսի Թաթվան գաւառին միջեւ նաւային գիծի հաստատման համար՝ նաւահանգիստներու կառուցման աշխատանքներու ընթացքին Վանայ լիճի յատակէն խաչքարներ յայտնաբերուած են, կը յայտնէ «Նոր Յառաջը»:

Թրքական «Միլլիյէթ» օրաթերթը կը գրէ, թէ «Վանի լճափի մաքրութեան ընթացքին հետաքրքրական քարեր յայտնաբերուած են։ Լիճին յատակը մաքրող ընկերութիւնը ցայսօր ջուրէն դուրս հանած է վրան խաչի զարդով քար մը, հատ մըն ալ վրան խաչի ձեւով ծակեր ունեցող մեծ քար, երկու հատ քարակերտ գունտ եւ փայտի կտորներ։

…Ընկերութեան տնօրէնը ըսաւ, որ “եղելութեան մասին տեղեկացուցինք թանգարանի պատասխանատուներուն, բայց առ այժմ ոչ ոք եկաւ։ Կը կարծեմ, թէ լիճին յատակին ասոնց նման քարեր կան”»։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.