2016-11-23 09:56:00

Սուրիոյ մէջ շուրջ 1 միլիոն մարդ մշտական սպառնալիքի տակ է. ՄԱԿ


ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի, ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարի մարդասիրական հարցերով տեղակալը յայտարարած է, որ Սուրիոյ մէջ շուրջ 1 միլիոն մարդ կ՝ապրի մշտական սպառնալիքի տակ: Այս մասին, ըստ Artsakhpress.am-ի, գրած է BBC-ն:

Անոր խօսքով` վերջին տարիներուն Սուրիոյ մէջ այն մարդոց թիւը, որոնք կը գտնուին սպառնալիքի տակ, կրկնապատկուած է` հասնելով 974 հազարի: Նկարագրած է սուրիացիներուն վիճակը` մեկուսացած են, սոված, զրկուած բժշկական օգնութենէ եւ կ՝ենթարկուին ռմբակոծութեան: Սուրիացիները չեն կրնար օգնութիւն ստանալ, որպէսզի հեռանան վտանգաւոր շրջաններէն:

ՄԱԿ-ի պաշտօնեային խօսքով` շատ պարագաներու սուրիացիները յայտնուած են նման իրավիճակի մէջ՝ կառավարութեան գործողութիւններուն պատճառով:








All the contents on this site are copyrighted ©.