Միայն Բացուած Ափով
Առատաձեռնութեան կամ բարերարութեան համար բնականաբար բացուած ափ պէտք է ունենայ մարդ:
Յաճախ կ՛ըսեն, թէ ոմանց ձեռքը մինչեւ իրենց գրպանը չի՛ հասնիր: Տալու արուեստը միշտ գնահատուած
է, մանաւանդ տօնական օրերուն, երբ մարդիկ կը յիշեն աղքատները, զրկեալները, հիւանդները,
որբերն ու անտունները, եւ իրենց արդար վաստակէն բաժին կը հանեն անոնց:
Աղքատախնամութեան այս երեւոյթը ոմանց մօտ համազօր է խեղանդամութեան ի տես Աստուծոյ ընծայուած
գոհաբանութեան ու շնորհակալութեան, փառք տալով, որ Արարիչը զիրենք ստեղծած է առողջ մարմինով
ու կատարեալ ֆիզիքականով: Մարդիկ ինչքան ալ խղճան խեղանդամ ծնունդներու, դարձեալ իրենց
հոգիի խորքէն հառաչելով երախտապարտ կ՛ըլլան Աստուծոյ, որ խնայեր է իրենց նման դժբախտ
կացութիւն: Սակայն, Աստուծոյ գոհաբանութիւն յայտնելու համար առիթներ հարկաւոր չեն, ո՛չ
ալ մասնաւոր տօնական օրեր: Ատիկա նման է բարեգործութիւն ընելուն կամ չընելուն: Որովհետեւ
կա՛մ բարեգործ ես, եւ կամ՝ ո՛չ: Կեանքի ընթացքին մէկ անգամ բարեգործութիւն կատարած անձը
բարեգործ չի՛ կրնար նկատուիլ: Ատիկա թերեւս պատահականութեան կամ ստիպումի հետեւանքով
եղած ըլլայ: Բայց իսկապէս բարեգործ մարդը, իր ամբողջ կեանքին ընթացքին իր ուշադրութեան
կեդրոնը կը պահէ այն անձերը, որոնք իր բարեգործութեան կարիքը կը զգան:
Նոյնն է բարեպաշտութիւնը, կամ աստուածասիրութիւնը: Եթէ միայն ի ցոյց մարդկանց, կամ միայն
որոշ առիթներով աստուածապաշտ պիտի ըլլան մարդիկ, ատիկա իսկական բարեպաշտութիւն, կամ աստուածապաշտութիւն
կարելի չէ՛ համարել: Աստուծոյ նկատմամբ երկիւղածութիւնը մնայուն եւ կեդրոնական զգացումի
վերածելով միայն, կարելի է արժեւորել Անոր նկատմամբ բարեպաշտութիւնը:
Աւետարաններուն մէջ Յիսուսի ամբողջ ուսուցումը բարեպաշտական զգացումի մասին, հաւատացեալները
հեռու կ՛ուզէ պահել ձեւականութենէ կամ՝ Նոր Կտակարանեան բառով՝ փարիսեցիութենէ: Յատկապէս
ներկայ դարու սկզբնաւորութեան, կրօնական վերազարթօնքով սկսած շարժումներն ու նորարարութիւնները,
որոնք Խորհրդային Միութեան փլուզումը արագացուցին եւ անոր յաջորդեցին, բնա՛ւ նպատակ չունէին
ձեւականութիւնը դարձնել բարեպաշտութեան հիմնական նպատակը: Սակայն, ահեղավազ ջուրի հոսանքը
այդ ուղղութիւնը ստացաւ, իր հետ տանելով «երիտասարդ խիճեր»ով լեցուն ափունքը լայնանիստ
գետերուն, որոնք գացին լեցնելու համաշխարհայնացումի հոգեւոր ովկիանները, կորսնցնելով
իրենց ազգային, մշակութային, եկեղեցական ու ցեղային զանազան իւրայատկութիւնները: Միացեղ
ու միակրօն պատկերը, պարզ կրկնօրինակն էր աշխարհի «փոքրացման» հետեւանքով առաջարկուած
միատեսակութեան ու միաձեւութեան, որուն զոհ կ՝երթան առհասարակ փոքր ժողովուրդներ, փոքր
եկեղեցիներ, կամ փոքր հաւաքականութիւններ:
Բռնցքուած ձեռքերու առաւելութեան մասին միշտ կը պատգամեն պայքարող ժողովուրդներ, դաստիարակելով
իրենց յաջորդող սերունդները, տէր կանգնելու հայրենիքին, ազգին, ու այն ամէն ժառանգութեան,
որ իրենց նախնիները թողած են իբրեւ ազգային ժառանգութիւն:
Հաշտութեան ու ներողամտութեան գործընթացը, որ շատերու համար դժուարին քայլ ու աշխատանք
կը համարուի, խորքին մէջ աւելի կարճատեւ ճամբայ ունի երթալիք, քան՝ ատելն ու յիշելը:
Ատելութիւնը շատ խորունկ զգացում է, որ յիշողութեան հետ սերտօրէն առնչուած է: Ան անձը
որ իր յիշողութիւնը կը կորսնցնէ, անցեալը կը մոռնայ ամէն մանրամասնութիւններով, ու այդ
վայրկեանը կÿապրի միայն: Այս դժբախտութիւնը յաճախ օրհնութիւն կը դառնայ անոնց համար,
որոնք տխուր անցեալ ունեցած ըլլալով, չէին կրնար հանգիստ քուն վայելել: Իսկ յիշողութեան
կորուստով, անցեալը իր տխուր յիշատակներով կը թաղուի պատմութեան մէջ, մինչեւ հնչէ արդար
Դատաստանի ժամը:
Տխուր կեանքով ապրած, ու շրջապատին չարիք հասցուցած մարդու մահուան դիմաց, հաւատացեալ
հարազատները յաճախ կÿողբան անոր համար, որ ան առիթ չունեցաւ դարձի գալու, կամ ապաշխարելու:
Նման անձի պարագային յիշողութեան կորուստ ունենալը, հաւասար է մահուան, որովհետեւ ան
դարձեա՛լ առիթ չունի անդրադառնալու իր ապրած կեանքին, զղջալու կատարած արարքներուն եւ
խնդրելու Աստուծոյ ներողամտութիւնը:
Գոհաբանութիւն յայտնելը, կամ Աստուծոյ երախտապարտ ըլլալը, միայն աղօթքով ու սաղմոսերգութեամբ
արտայայտութիւն պէտք չէ՛ գտնեն: Այլ՝ բացուած ափդ հարկաւոր է, թէ՛ տալու եւ թէ ստանալու
համար: Տալիքդ դո՛ւն կ՛իմանաս, որովհետեւ ատիկա կախեալ է կարողութենէդ, տրամադրութենէդ,
ինչպէս նաեւ բարեգործութեան ոլորտին մէջ ստացած դաստիարակութենէդ: Սակայն ստանալը, Աստուծոյ
դատողութեան համապատասխան չափո՛վ պիտի կատարուի: Մեր կատարած ամէն արարքները մեր սրտի
հայելիին վրայ կը տպաւորուին, եւ Աստուած յստակ կը տեսնէ զանոնք, իրենց հարազատ գոյներով:
Տալու ձեւը այնքան կարեւոր չէ՛, որքան ոգին, տրամադրութիւնը, ու տալէ ետք՝ կատարուած
բարեգործութեան չ՝անդրադառնալը:
«Բարիք ըրէ՛ եւ ծով նետէ՛», խորհրդաւոր ձայնով կ՝ըսէր փորձառու ծերունին, երբ տեսնէր
թէ բարեգործը, իր կատարած բարիքը ստացած թշուառ անձը մոռցած, բարեգործութիւնը ծանուցելու
մտահոգութենէ տարուած է:
Բացուած ափը հաշտութեան, սիրոյ, ներողամտութեան ու զղջումի արտայայտութիւն ըլլալէ առաջ,
պէտք է ըլլայ բարեգործութեա՛ն համար բացուած ափ: Ինչքան ալ բռնցքուած ձեռքեր տեսնես դիմացդ,
դուն բա՛ց ափդ, երկարէ՛ ձեռքդ, միշտ գոհաբանութիւն ընծայելով Աստուծոյ, որ այդ շնորհքին
ու գիտակցութեան հասցուցած է քեզ: Միայն բացուած ափո՛վ կրնաս յաղթել աշխարհին:
All the contents on this site are copyrighted ©. |