2016-11-22 11:55:00

Ֆրանչիսկոս Պապ. Եթէ Տիրոջ հաւատարիմ ենք մահը վախ չի պատճառեր։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Տիրոջ հաւատարմութիւնը յուսախաբ չի թողուր'', նոյնիսկ մեր կեանքի վախճանի պահուն, եթէ հաւատարիմ եղանք, վախ պիտի չունենանք։ Այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Պապին Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ, երեքշաբթի 22 նոյեմբերի առաւօտեան մատուցած սուրբ պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին կեդրոնական նիւթը։

Սրբազան Քահանայապետը ակնարկելով լատին եկեղեցւոյ ծիսական տարւոյն փակման անդրադարձ կատարեց նաեւ կեանքի վախճանի մասին, հրաւէր ուղղելով խորհրդածել նաեւ այդ պահին վրայ, մատնանշելով թէ ինք յաճախ կը խորհի այդ մասին։

''Լաւ է խորհիլ թէ ինչպէս պիտի ըլլայ այդ օրը'', ըսաւ ապա Քահանայապետը։ երբ Յիսուս ինծի հարց տայ թէ ''ի՞նչ ըրի այն քանքարներով զոր ինծի շնորհեց'', եւ եթէ ''իմ սրտիս մէջ դրոշմուած սերմը ծիլ առաւ թէ ոչ''։

Մեզմէ իւրաքանչիւրս, դատաստանին օրը պիտի գտնուի Յիսուսի դիմաց, ըսաւ ապա Նորին Սրբութիւնը, հրաւիրելով չխաբուիլ մակերեսայինէն ու խնամք տանիլ սրտին` որպէսզի Տէրը միշտ մեր հետ ըլլայ, եւ ոչ հեռու մեզմէ, որովհետեւ այն պարագային որ Տէրը մեզմէ հեռու է, վտանգ կը յառաջանայ որ մենք յաւերժապէս հեռանանք Տիրոջմէ։

Մէջբերելով ապա Սուրբ Յովհաննէսի յայտնութեան գիրքէն առաքեալին խրատը ''եղիր հաւատարիմ մինչեւ մահ, կ՛ըսէ Տէրը, ու ես քեզի պիտի տամ կեանքի պսակը'', Ֆրանչիսկոս Պապ  հաստատեց թէ Տիրոջ հաւատարմութիւնը յուսախաբ չի թողուր։ Եթէ մեզմէ ամէն մին հաւատարիմ է Տիրոջ, երբ մահը հասնի, պիտի չի վախնանք։ Ու երբ դատաստանի օրը հասնի մենք Տիրոջ պիտի նայինք ըսելով` ''Տէր բազմաթիւ մեղքեր գործեցի, սակայն փորձեցի հաւատարիմ մնալ''։ Ու Տէրը բարի է։

''Եղիր հաւատարիմ մինչեւ մահ, կ՛ըսէ Տէրը, ու ես քեզի պիտի տամ կեանքի պսակը''։ Այդ հաւատարմութեամբ մենք անվախ կը մնանք մինչեւ վերջ` ու վերջին դատաստանին օրը վախ պիտի չունենանք'', յարեց Սրբազան Քահանայապետը քարոզի աւարտին։








All the contents on this site are copyrighted ©.