2016-11-22 10:17:00

Հաւաքական մկրտութիւն Ախալցխայի մէջ:


Ախալցխայի Հոգեւոր Տեսչութեան նախաձեռնութեամբ՝ Ախալցխայի շրջանի Երկրորդ Շախտ բնակելի շրջանին մէջ տեղի ունեցած է հաւաքական մկրտութեան արարողութիւն՝ կարիքաւոր ընտանիքներու համար: Այս մասին կը հաղորդէ Akhaltskha.net-ը։

Մկրտութեան արարողութեան ժամանակ՝ մկրտութիւն ստացած է մօտ երկու տասնեակ մարդ, որոնց շարքին եղած է նաեւ մէկ օս երեխայ: Ախալցխայի հեգեւոր տեսուչ Հայր Յակոբ աբեղայ Սահակեան եւ տէր Թորգոմ քահանայ Վարդանեան՝ մկրտուողներուն մանրամասն բացատրած են Մկրտութեան սուրբ խորհուրդը:

Մկրտութեան արարողութեան յաջորդած է փոքրիկ համերգ, որ կազմակերպուած եղած է եկեղեցւոյ երգչախումբին եւ Երկրորդ Շախտ-ի աշակերտներուն կողմէ:

Մկրտութեան արարողութենէն ետք՝ բոլոր ներկաները ճաշակած են մատաղ, իսկ կարիքաւոր մարդիկ հնարաւորութիւն ունեցած են տանելու մատաղը իրենց ընտանիքներուն եւս: Մատաղի արարողութիւնը կազմակերպուած եղած է Յովհաննէս Գրիգորեանի հովանաւորութեամբ, որ մկրտութեան արարողութեան ու մատաղի նպատակով Ախալցխայի հոգեւոր տեսչութեան յատկացուցած է 7 գառնուկ:








All the contents on this site are copyrighted ©.