2016-11-22 09:24:00

Հայաստան՝ Գահիրէի գիրքի 2019ի ցուցահանդէսի պատուոյ հիւր:


Եգիպտոսի մշակոյթի նախարար Հելմի Նեմնեմ, Նոյեմբերի 12ի առաւօտեան ընդունելով Հայաստանի Հանրապետութեան մշակոյթի նախարարի տեղակալ Ներսէս Տէր Վարդանեանը, Հայաստանի Հանրապետութիւնը հրաւիրած է պատուոյ հիւրը ըլլալու 2019ի Գահիրէի Գիրքի միջազգային ցուցահանդէսին, նկատի ունենալով 2017ի Յունուարին սոյն ամէնամեայ ցուցահանդէսի պատուոյ հիւրը Մարոքն է, իսկ 2018ին՝ Ալճերիան։

Վեց տարուան ընդմիջումէ ետք Հայկական մշակութային շաբթուան կազմակերպման առթիւ (վերջինը 2010ին էր) Ներսէս Տէր Վարդանեան ողջունած է Եգիպտոսի մշակոյթի նախարարութիւնը եւ ըսած, որ հայ-եգիպտական յարաբերութիւնները յարատեւ յարաբերութիւններ են: Ան աւելցուցած է, որ «մշակութային այս նախաձեռնութեան իւրայատկութիւնը այն է, որ Գահիրէ կանգ չառաւ, այլ դուրս եկաւ մարզեր, օրինակ Աղեքսանդրիա, ուր հայկական ծագումով եգիպտացիներ կը բնակին», կոչ ուղղելով թարգմանչական, սինեմայի թէ թանգարաններու մարզերէն ներս գործակցութեան սերտացման, առաւել՝ եկող տարի Հայաստանի մէջ եգիպտական մշակութային շաբթուան հիւրընկալութեան, հայաստանեան մշակութային նախաձեռնութիւններու եգիպտացի գրագէտներու եւ մտաւորականներու մասնակցութեան եւ Գահիրէի մէջ հայկական ֆիլմերու շաբաթի կազմակերպութեան:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.