Ինչ որ Աստուած միացուց մարդ թող չբաժնէ»: (Մարկոս 10,9) -
Ամուսնացեալներուն նուիրուած օրուան` Հայր Գէորգ Թ Ծ Վարդապետ Զապարեանի մատուցած սուրբ Պատարագի քարոզը:
Հաւաքուած ենք այսօր, Սուրբ Պատարագով նշելու ամուսնութեան կոչման գեղեցկութիւնն ու ուրախութիւնը:
Մեզի հետ կը գտնուին զանազան տարեդարձներ տօնող ամոլներ, որոնք փայլուն հաւաստիքն են ամուսնական հաւատարմութեան: Անոնք կը փաստեն մեզի, թէ Պսակի սուրբ Խորհուրդին շնորհքով, հնարաւոր է ապրիլ զիրար ցմահ սիրելով՝ լաւ ու վատ ժամանակներուն, նեղութեան ու բարօրութեան ատեն:
Սիրելի Յոբելեարներ, դուք մեզի կը հայելացնէք հաւատարիմ, արդիւնաւոր եւ յաւերժական սէրը:
Կասկած չկայ, որ տարիներու ընթացքին, դուք բազմաթիւ մարտահրաւէրներ դիմագրաւած ըլլալով հանդերձ չէք մոռցած, որ Աստուած ի'նքը կապած է ձեզ իրարու:
Մերօրեայ խնդիրներէն մէկն է եկեղեցական ամուսնութիւններու թիւին նուազումը: Արդարեւ, այսօր, բազմաթիւ երիտասարդներ ու երիտասարդուհիներ կը նախընտրեն կենակցիլ առանց Աստուծոյ օրհնութիւնն ընդունելու: Անոնք հարցական կը նկատեն հնարաւորութիւնը ցմիշտ զիրար սիրելու, ու կը վախնան վերջնական որոշում առնելու:
Սիրելի Յոբելեարներ, Դուք, այսօր, նշելով ձեր ամուսնութեան տարեդարձը, կը փաստէք, թէ անկարելի չէ ի գործ դնել Ս. Պսակի յանձնառութիւնները, եւ թէ ամուսնութեան տեւականութիւնը ո'չ միայն հնարաւոր է, այլ նաեւ՝ գեղեցիկ: Սորված էք ճանապարհորդակից ըլլալ կեանքի վերիվայրումներուն ընդմէջէն ու ձեռք ձեռքի տուած՝ մարդկային եւ հոգեկան փոխադարձ աճումին նպաստել՝ հիմնուելով Աստուծոյ շնորքհին վրայ:
Դուք խոյս չէք տուած ձեր առաքելութենէն, այլ՝ վստահած էք Արարիչի խօսքին, թէ՝ «Ինչ որ Աստուած միացուց մարդ թող չբաժնէ»: (Մարկոս, 10,9)
Ամէն պարագային մէջ, ներառեալ ամուսնութիւնն ու ընտանեկան կեանքի պարագային մէջ մանաւանդ, պարտինք փնտռել Աստուծոյ կամքը: Ի'նքն է ամուսնութեան հեղինակը: Ի'նք ուզած է, որ ամուսնութիւնը մնայուն ու շնորհաբեր խորհուրդ ըլլայ, որ ընկերութեան հիմն ու հիմնական բջիջը դառնայ:
Գիտնալով, որ մարդկային բնութիւնը տկար է, Պօղոս առաքեալ մեզի կու տայ բուռ մը կարեւոր խրատներ, հիմնելու համար լաւ եւ ամուր ամուսնութիւն մը: Ան կ'ըսէ. «Իրար սիրեցէք գորովանքով: Յարգելու մէջ իրար գերազանցեցէք» (Հռոմ. 12, 10):
Ուստի, սէրն ու յարգանքը կարեւոր ազդակներ են ամուսնացեալներու կեանքին մէջ:
Ապա կը պատգամէ նաեւ. «Յոյսով ուրախացէք,նեղութեանց մէջ համբերող եղէք, յարատեւ աղօթեցէք»: Երբ մէկը անտարբեր ըլլայ, մերժէ ներել ու աղօթքի դիմել, ամուսնութիւնը անպայման կը ձախողի, սակայն, երկուստեք ջանքով եւ Աստուծոյ շնորհքին անսալով, ամուսնական կեանքը հաստատ կը մնայ:
Աղօթքը մեզի համար անհրաժեշտ է, զօրանալու մեր յանձնառութիւններուն մէջ, եւ մեզի ոյժ ու քաջութիւն տալու որպէսզի ապրինք մեր ուխտերուն համաձայն ու երբեք չշեղինք ուղիղ ճանապարհէն:
Գալով կեանքի խաչերուն, անոնք երբեք չեն պակսիր, սակայն, Տէրը մեզի կ'օգնէ որպէսզի զանոնք կրենք ու յառաջ երթանք: Խաչը անպարտելի է: Քրիստոսի սէրը միշտ յաղթական:
Ֆրանչիսկոս Պապը ամուսնացեալներէն կը խնդրէ, որ Տէրունական աղօթքը՝ Հայր մերը բարձրացուցած ատեննին ըսեն « Եւ զսէր մեր հանապազորդ տուր մեզ այսօր», որովհետեւ Քրիստոսի սէրն է, որ մեզ կը զօրացնէ առօրեայ ճանապարհորդութեան ընթացքին: Ի'նքն է մեր հանապազօրեայ հացը, հացը՝ մեր հոգիներուն:
Թող Աստուածածին Մարիամ եւ Սուրբ Յովսէփ՝ գերագոյն տիպարը ամուսնական կեանքի հոյակապ փայլքին, ընկերակցին ձեզի եւ բարեխօսեն ձեզի համար: Ամէն:
All the contents on this site are copyrighted ©. |